Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին Եւ Ընտրական Նոր Օրէնքին Հիման Վրայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հոկտեմբեր 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ նախագահեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին եւ առաջին անգամ ըլլալով համամասնական դրութեան հիման վրայ, այլ խօսքով` խորհրդարանին վաւերացուցած ընտրական նոր օրէքին հիման վրայ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այս յայտարարութիւններէն բացի որեւէ այլ յայտարարութիւն պաշտօնական չէ եւ կարելի չէ անոր հաւատք ընծայել:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց խորհուրդի անդամներուն ընտրական նոր օրէնքով ճշդուած իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնելու եւ իրաւասութիւնները վայելելու, որպէսզի կարելի ըլլայ անկախ եւ թափանցիկ երեսփոխանական ընտրութիւններ ապահովել:

Նախագահ Աուն նշեց, որ նախորդ ընտրական խորհուրդները արձանագրած են թերացումներ եւ բացթողումներ, որոնցմէ կարելի էր խուսափիլ, եթէ բոլորը յանձնառու մնային օրէնքին: Ապա ան հրաւիրեց խորհուրդին անդամները երդում տալու` ապահովելու համար իրենց յաջողութիւնն ու անկողմնակալութիւնը: Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի անդամները` ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, երդում կատարեցին նախագահական պալատին մէջ:

Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահին ներկայութեան երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդին անդամներուն երդման արարողութիւնը կը ջրէ ընտրութիւնները յետաձգելու կամ խորհրդարանի նստաշրջանը երկարաձգելու մասին կատարուող բոլոր յայտարարութիւնները:

Ան նշեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը առաջին առիթով կառավարութեան պիտի յղէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու շրջաբերականը:

Նշենք, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի նախագահն է դատաւոր Նատիմ Ապտել Մալաք, փոխնախագահ` Ժորժ Մորանի, իսկ անդամներն են. դատաւոր Աունի Ռամատան, դատաւոր Անտրէ Սատեր, Նուհատ Ժապըր, Ֆիլիփ Ապի Աքըլ, Մուաֆաք Եաֆի, Սիլվանա Լաքիս, Քարէն Ժահժահ, Արտա Էքմեքճի եւ Աթալլա Ղաշշամ:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Համաձայնեցանք Հարցերուն Նկատմամբ Իրապաշտ Մօտեցում Ցուցաբերել»

Յաջորդը

Յաւելումներուն Դիմաց Տուրքեր. Անհրաժեշտ Հոլովո՞յթ, Թէ՞ Հարկային Ջարդ

RelatedPosts

Ընդունելով Վարչապետ Սալամը`  «Շուտով Լիբանանի Մէջ Աջակցութեան Յատկացուած  Նոր Ծրագիրներու Շարք Մը Պիտի Յայտարարենք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդունելով Վարչապետ Սալամը` «Շուտով Լիբանանի Մէջ Աջակցութեան Յատկացուած Նոր Ծրագիրներու Շարք Մը Պիտի Յայտարարենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը

Դեկտեմբեր 8, 2025
Սալամ. «Ես Եւ Նախագահ Աունը Բարեկարգումներ  Եւ Զէնքի Մենաշնորհում Կ՛ուզենք, Սակայն Տարբեր  Մօտեցումներ Ունինք Եւ Համաձայն Ենք Նոյն Նպատակին»
Լիբանանեան

Սալամ. «Ես Եւ Նախագահ Աունը Բարեկարգումներ Եւ Զէնքի Մենաշնորհում Կ՛ուզենք, Սակայն Տարբեր Մօտեցումներ Ունինք Եւ Համաձայն Ենք Նոյն Նպատակին»

Դեկտեմբեր 8, 2025
Սալամ Շարհի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Սուրիա  Յարաբերութիւններու Զարգացման Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Շարհի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Սուրիա Յարաբերութիւններու Զարգացման Կարելիութիւնները

Դեկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?