Համախոհութիւնը մնաց տիրական. անոր ազդեցութիւնը երէկ նշմարուեցաւ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին, երբ գրեթէ բոլոր երեսփոխանները նոյն լեզուն կը խօսէին եւ կրցան առաւօտեան ու գիշերային իրենց նիստերուն ընթացքին վաւերացնել տուրքերու շարան մը:
Տուրքերու այդ շարանին, որ ոմանք սովորական նկատեցին, իսկ ուրիշներ` հարկային ջարդ, թեր քուէարկեցին 71 երեսփոխաններ, դէմ` 5 երեսփոխաններ, իսկ ձեռնպահ մնացին 9 ուրիշներ:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին սկսած խորհրդարանի նիստին նախագահեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` ներկայութեամբ կառավարութեան:
Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով նախկին երեսփոխան Սայիտ Ասաատի մահուան յիշատակը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարան փոխանցուած տուրքերու բարեփոխուած տարբերակը` նկատի ունենալով, որ այդ տուրքերը իրենց նախնական ձեւին մէջ Սահմանադրական խորհուրդին մօտ վիճարկուած էին եւ վերադարձուած կառավարութեան: Քննարկումներուն ընթացքին սուր բանավէճ մը արձանագրուեցաւ` լիբանանցի համեստ դասակարգին վրայ յաւելեալ տուրքեր բանեցնելու հարցով:
Այս առումով, Պըրրի յայտնեց, որ կայ ամբողջական օրինագիծ մը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է: «Ոչ ոք թող պոռոտախօսութիւն կատարէ համեստ դասակարգին հարցով: Երկիրը դժուար փուլ մը կը դիմագրաւէ, Լիբանան արդէն իսկ աղքատ երկիր մը կը նկատուի եւ առանց տուրքերուն, Լիբանան ելեւմտական լուրջ վտանգի դիմաց պիտի գտնուի», ըսաւ ան:
Պըրրի նշեց նաեւ, որ աշխատավարձի յաւելումներուն օրէնքը սառեցնելու առաջարկը փոխանցած է ելեւմուտքի նախարարութեան` հաստատելով, որ խորհրդարանը այս ամսուան ընթացքին պէտք է վաւերացնէ պետական ամավարկը:
Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ հարցը քննարկուած է, եւ բոլոր կողմերը հաւանութիւն յայտնած են: «Եթէ տուրքեր չպարտադրենք, ապա պիտի ստիպուինք 6 կամ 7 առ հարիւր տոկոսով վարկերու դիմել եւ պետական պիւտճէի նիւթական բացը ուռճացնել», ըսաւ ան` զարմանք յայտնելով համեստ դասակարգին իրաւունքներուն ակնարկող պոռոտախօսութեան համար:
Առաւօտեան նիստին ընթացքին խորհրդարանը Յաւելուած արժէքի տուրքը (ՅԱՏ) մէկ առ հարիւրով բարձրացուց, այսինքն` ՅԱՏ-ը բարձրացաւ 11 առ հարիւրի: Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ դրոշմաթուղթերու տուրքերու յաւելումը, հեռաձայնային սովորական կապի տուրքերը 2.500 լ. ոսկիով աւելցան, բջիջային հեռաձայնի օգտագործման համար կանխաւ վճարուող քարտերը 250 լ. ոսկիի յաւելում արձանագրեցին, սիմենթի մէկ թոնին վրայ աւելցաւ 6.000 լ. ոսկի իբրեւ արտադրութեան տուրք, ներածուած ոգելից ըմպելիներու պարագային տուրքերու յաւելումը արձանագրուեցաւ հետեւեալ կերպով. 60 լ. ոսկին բարձրացաւ 300 լ. ոսկիի, 200 լ. ոսկին` 1000 լ. ոսկիի, իսկ 400 լ. ոսկին` 2000 լ. ոսկի: Ծխախոտի պարագային` սովորական ծխախոտի տուփը 250 լ. ոսկիի յաւելում արձանագրեց, սիկառը` 10 առ հարիւրի յաւելում, իսկ կլկլակի յատուկ տարբեր համերով պատրաստուած ծխախոտի մէկ քիլոկրամը` 2.500 լ. ոսկիի յաւելում: Նոտարներու գործառնութիւններուն վրայ եւս պարտադրուեցան տուրքեր, ցամաքային ճամբով Լիբանան մուտք գործող իւրաքանչիւր անձի վրայ պարտադրուեցաւ 5000 լ. ոսկիի տուրք մը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ տուրքերուն դէմ քուէարկեց, շեշտեց, որ վաւերացուած բոլոր տուրքերը անհրաժեշտ չեն, եւ անոնց հետեւանքը պիտի ըլլայ աղքատութեան համեմատութեան բարձրացումը:
Իր կարգին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, որ ձեռնպահ մնաց, շեշտեց, որ 1400 միլիառ տոլար հաշուող աշխատավարձի յաւելումներուն համար արդէն իսկ 1900 միլիառ տոլարի գումար ապահովուեցաւ` հարց տալով, որ Յաւելուած արժէքի տուրքը մէկ առ հարիւրով բարձրացնել ի՞նչ կը նշանակէ:
«Նախ ըսին, որ տուրքերուն նպատակը աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումն է, եւ իբրեւ այդպիսին ի յայտ եկաւ, որ անոր կարիքը չկայ: Սակայն այժմ կը բացատրեն, թէ անիկա պետական պիւտճէի նիւթական բացը հաւասարակշռելու համար է: Իսկապէս, այդ տուրքը անհրաժեշտ չէ եւ կը հարուածէ համեստ դասակարգը, որ ապրուստի ծանր պայմաններու ներքեւ արդէն կը տնքայ», շեշտեց ան:
Երեկոյեան նիստին ընթացքին խորհրդարանը տուրքեր պարտադրեց Լիբանան ներածուած բեռնարկղերուն վրայ` հետեւեալ ձեւով. 6 մեթր բարձրութեամբ բեռնարկղի պարագային 80 հազար լ. ոսկի, իսկ 12 մեթր բարձրութեամբ բեռնարկղի պարագային 120 հազար լ. ոսկի:
Խորհրդարանը եկամտահարկին վրայ պարտադրեց 15 առ հարիւրի տուրք: Կալուածներու վաճառքի պայմանագիրներուն վրայ խորհրդարանին կողմէ պարտադրուած տուրքը համազօր դարձաւ կալուածի վաճառքի սակին 2 առ հարիւրին:
Խորհրդարանը տուրքեր պարտադրեց դրամատուներու եւ վարկատու հաստատութիւններու տոկոսներուն վրայ. դրամատուներու պարագային 5 առ հարիւրը բարձրացաւ 7 առ հարիւրի, իսկ վարկատու հաստատութիւններուն պարագային` 15 առ հարիւրը 17 առ հարիւրի:
Նիստէն ետք վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները գործադրելու համար կարեւոր էր նոր տուրքեր պարտադրել:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բարելաւելու համար երկրին ելեւմտական իրավիճակը, որպէսզի տնտեսական կացութիւնը փուլ չգայ: «Ո՛վ որ աշխատավարձի յաւելումներուն համաձայն է, չի կրնար մերժել տուրքերը», ըսաւ ան:
Հարիրի շեշտեց, որ ինք չի կրնար ժողովուրդին հանդէպ անկեղծ չըլլալ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը 10 ամսուան ընթացքին վաւերացուցած է ընտրական օրէնքը, խորհրդարանին մէջ պիտի վաւերացնէ 2017-ի պետական ամավարկը, պիտի սկսի քննարկել 2018-ի պետական ամավարկը եւ կատարէ հաշուեփակը: «Նոր իշխանութեան ժամանակաշրջանին մենք նուաճումներ կը տեսնենք», ըսաւ Հարիրի:
Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ խորհրդարանին վաւերացուցած տուրքերուն 87 առ հարիւրը համեստ դասակարգին չի վերաբերիր` աւելցնելով, որ այդ տուրքերը վաւերացնելով իրենք կրցած են պաշտպանել աշխատավարձի յաւելումները, ինչպէս նաեւ նուազեցնել պետական պիւտճէի նիւթական բացը:
Խալիլ յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկը արդէն իսկ իր աւարտին կը հասնի, եւ լիբանանցիները պիտի զգան, թէ մսխումները որքա՛ն նուազած պիտի ըլլան: «Մեր պարտականութիւնն է երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւել այնպիսի ձեւով, որ անոր կայունութիւնը վնասներ չկրէ», հաստատեց ան:
Նշենք, որ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պըրրի նախագահեց նաեւ խորհրդարանի դիւանի նիստին, որմէ ետք խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, թէ երեքշաբթի 17, չորեքշաբթի 18 եւ հինգշաբթի 19 հոկտեմբերին խորհրդարանը հրաւիրուած է նիստերու, որոնց ընթացքին պիտի ընտրուին խորհրդարանի դիւանն ու ընդհանուր քարտուղարները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը, ինչպէս նաեւ պիտի սկսի 2017-ի պետական ամավարկին քննարկումը:



