Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Կ՛ողջունէ Իրաւաբանները` Զանոնք Նկատելով Իրաւունքի, Արդարութեան Եւ Ազատութեան Առաքեալներ

October 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Իրաւաբաններու օրուան առիթով ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Իրաւաբաններու օրուան առիթով կ՛ողջունեմ Լիբանանի բոլոր իրաւաբանները` իրաւունքի, արդարութեան եւ ազատութեան առաքեալները»:

Միւս կողմէ, Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, յատկապէս սահմանային Կապոյտ գիծին խաղաղութիւնը պաշտպանելու իմաստով թափուած ջանքերը:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Տնտեսական խորհրդաժողովի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Ռաֆիք Զանթութի:

Հանդիպումէն ետք Զանթութ յայտնեց, որ վարչապետին յայտնած են լիբանանցիներուն վրայ պարտադրուած  տուրքերուն ունենալիք հաւանական հետեւանքներուն վերաբերեալ իրենց մտահոգութիւնները, յատկապէս սեփական մարզի պաշտօնեաներուն կողմէ, որոնք աշխատավարձի յաւելում չեն ստացած:

Զանթութ նշեց, որ համաձայնութիւն գոյացաւ վարչապետարանին մէջ գումարելու տնտեսական ընդարձակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին տնտեսագէտներու հետ զրոյցներ պիտի կատարուին, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուի վարչապետ Հարիրիի տնտեսական ծրագիրը:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Կլեն Մայլզը, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիան, որուն ի պատիւ սարքեց ճաշկերոյթ մը` բարձր գնահատելով Լիբանանի մէջ գործադրած անոր ութամեայ առաքելութիւնը:

Նախորդը

«Կը Պատրաստուինք Պետական Ամավարկի Եւ Անոր Կրած Բարեփոխումներուն Վաւերացումին Յատկացուած Խորհրդարանի Նիստերուն» Շեշտեց Քանաան

Յաջորդը

«Տնտեսական Եւ Ընկերային Խորհուրդի Կազմութիւնը Առիթ Պիտի Տայ Գործատէրերուն Եւ Աշխատաւորներուն Միջեւ Երկխօսութեան Սկսելու» Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.