Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 63 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդի կազմութեան կէտը, ինչպէս նաեւ օրակարգի վրայ գտնուող շարք մը այլ կէտեր:
Ռիաշի նշեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի Պաապտայի մէջ` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Իր կարգին, կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ կառավարութիւնն ու հանրապետութեան նախագահութիւնը թերացումներ կ՛արձանագրեն կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցած թղթածրարներուն նկատմամբ:
Նշենք, որ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ նախարարութիւնը քաղաքապետարաններուն փոխանցած է 377 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը, որ 1 յունիս 2014 -էն 31 դեկտեմբեր 2016 բջիջային հեռաձայնի տուրքերուն շահերէն գոյացած գումարն է:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք վարչապետարանէն յայտարարեց. «Երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին եւ ընտրական այս տարօրինակ օրէնքին հիման վրայ: Իսկ կենսաչափական անձնաթուղթերուն համար յատկացուած է 130 միլիոն տոլար», ըսաւ ան:



