Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը:
Միքաթի յայտնեց, որ գաղտնիք մը չէ, որ պետութիւնը կարիք ունի դրամական յաւելեալ աղբիւրներու` ֆինանսաւորել կարենալու համար աշխատավարձի յաւելումները եւ փակելու համար պետական պիւտճէի նիւթական բացը: «Այս բոլորը բնական են, սակայն անձամբ ձեռնպահ մնացի տուրքերու օրէնքին քուէարկութեան ժամանակ, որովհետեւ պետութեան եւ յատկապէս կառավարութեան կողմէ լիբանանցիներուն վրայ պարտադրուած տուրքերը կամայական քայլեր են, որոնց կը պակսի ապագայի հանդէպ հեռատեսութիւնն ու յստակատեսութիւնը», շեշտեց ան:
Միքաթի նշեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն իսկական գումարին մասին հարց տուած է խորհրդարանին, սակայն յստակ պատասխան չէ լսած անկէ` աւելցնելով, որ միայն վկայած է տուրքերու պարտադրումը, առանց գիտնալու, թէ անիկա ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ պետական ամավարկին վրայ:
«Մեր պահանջն է, որ տուրքերը աւելի արդար ըլլան եւ ծառայեն երկրին տնտեսութեան բարգաւաճման` առանց խոչընդոտելու բարգաւաճման այդ հոլովոյթը», շեշտեց Միքաթի:


