ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Արսալի մէջ ձերբակալեց Խալետ Մոհամետ Հուժէյրին եւ Ահմետ Ալի Հուժէյրին, որոնք 2013-ին Ռաայանի մէջ մեղսակցած են բանակին դէմ կատարուած յարձակումներուն:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի շահերուն ծառայող որեւէ հանդիպումի: Ան ողջունեց նախանցեալ օր խորհրդարանին մէջ տիրած համախոհութիւնը, որ ի շահ բոլորին էր:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ պէտք է տնտեսական շտապ ծրագիր մը մշակել, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան արդիւնաբերութեան արտակարգ աճ արձանագրել եւ երկիրը փրկել քայքայումէ:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Թալալ Արսլան երէկ Խալտէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ պիտի արձանագրուին շարք մը բարեկարգումներ:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ տուրքերու օրէնքը վիճարկելու ոչ մէկ առիթ կայ` աւելցնելով, որ տուրքերը վաւերացնելու հիմնական նպատակը աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումը չէ, այլ` պետական պիւտճէի նիւթական բացի հաւասարակշռումը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Դիմադրութիւնն ու ապահովութեան ուժերը կը հսկեն Լիբանանի ապահովական կայունութեան: Ժապեր ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու համար պէտք է գործակցութիւն յառաջացնել լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ին միջեւ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ հաստատեց, որ պետական պիւտճէին մէջ արձանագրուած նիւթական բացը պէտք է փակել պետական ամավարկին ընդմէջէն եւ ոչ թէ ժողովուրդին վրայ հարկեր պարտադրելով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ տուրքերը հազիւ կը ֆինանսաւորեն աշխատավարձի յաւելումները` աւելցնելով, որ անոնք մասնաւորաբար աղքատները թիրախ չեն դարձներ:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ ընդգծեց, որ իրենք աղբերու տագնապի լուծման համար մշակած են վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան վրայ հիմնուած ընդհանուր քաղաքականութիւն մը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա հաստատեց, որ ոգելից ըմպելիներուն վրայ պարտադրուած տուրքերը իրենց ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենան զբօսաշրջական մարզին վրայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ ներածուած արտադրութիւններուն վրայ պարտադրուած տուրքերուն դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ փակել պետական պիւտճէի նիւթական բացը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ քաղաքացիներուն վրայ տուրքերու պարտադրումը կը նշանակէ, որ իրենք կ՛ապրին հարկային բռնատիրութեան ներքեւ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ Քլեմանսոյի հանդիպումը ոչ ոքի դէմ ուղղուած է, ո՛չ ալ ընտրական նոր դաշինքի պատրաստութիւն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ լիբանանցիներու գերագոյն շահերը կ՛ենթադրեն գործակցիլ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որուն շնորհիւ ՏԱՀԵՇ-ը լիբանանեան սահմաններէն հեռացած է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ հաստատեց, որ Քլեմանսոյի հանդիպումը անպայմանօրէն քաղաքական դաշինքներ գոյացնելու նպատակով չէ կատարուած:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր շեշտեց, որ Մընիէի երեսփոխանական աթոռը Տըննիէէն անջատելը կը միտի այդ աթոռը հաստատել` իբրեւ շրջանի բնակչութեան լիիրաւ իրաւունք:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ կոչ ուղղեց պետութեան կողմէ մսխումի եւ փտածութեան վերջ տալու իմաստով լուրջ նախաձեռնութիւն առաջադրելու:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն ընդգծեց, որ Քլեմանսոյի հանդիպումը բնաւ չի մտահոգեր զիրենք` աւելցնելով, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ համաձայնութիւնը խոր է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին ընդգծեց, որ սուրիացի գաղթականներու տունդարձին առումով սուրիական վարչակարգին հետ գործակցութիւնը անհրաժեշտ է եւ պէտք է զայն կատարել: Ան շեշտեց, որ այս իմաստով լիբանանեան պետութիւնը պէտք է պաշտօնական որոշում տայ:
Զասիփքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Ռուսիա կատարելիք այցելութիւնը որոշուած է, սակայն այդ այցելութեան յստակ թուականը կախեալ է նախագահներ Աունի եւ Վլատիմիր Փութինի օրակարգերէն:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ սկսած են նշմարուիլ ընտրական դաշինք մը գոյացնելու դրական նշոյլներ:
ԶԱՀԼԷԻ յատուկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ազգային պլոք կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ կ՛ուղղուի գործակցելու Մուսթաքպալ հոսանքի եւ անոր սիւննի լայն շրջանակին հետ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Ռիֆի Մընիէի քաղաքական հեղինակութիւններէն մէկուն հետ կը ջանայ ընտրական դաշինքներ հաստատել:
«ՌԱՅ» օրաթերթին համաձայն, Ռիատ լիբանանցիներէն չէ պահանջած քաղաքական ներկայ համաձայնութիւններէն դուրս գալ:


