Խորհրդարանը Վաւերացուց 2017-ի Պետական Ամավարկը
12 տարի շարունակ պետական ամավարկի նախագիծեր վաւերացնելու առումով իր անկարողութենէն ետք, խորհրդարանը երէկ վաւերացուց 2017-ի պետական ամավարկը 61 թեր, 4 դէմ եւ 8 ձեռնպահ քուէներով: Երրորդ օրն ըլլալով խորհրդարանը երէկ գումարեց իր ցերեկային եւ գիշերային նիստերը, որոնց ընթացքին կէտ առ կէտ քննարկուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ 2017-ի պետական ամավարկը: Ցերեկային նիստին ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց պետութեան` հանրապետութեան նախագահութեան, խորհրդարանին եւ կառավարութեան ծախսերը, նախարարութիւններու...




















