Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ իր նիստը պիտի գումարէ ուրբաթ, 20 հոկտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, նախագահական պալատին մէջ: Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը պիտի քննարկէ 60 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժերը պիտի պաշտպանեն Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը եւ ոչ ոքի առիթ պիտի տան խզելու զայն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա երէկ Պէյրութէն վերադարձաւ Հռոմ` աւարտելով Լիբանանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը մօտիկ ապագային պիտի պաշտպանէ լիբանանեան օդային սահմանները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի ղեկավար Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ բոլորին շահերուն կը ծառայէ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Ան նշեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը պիտի դաշնակցի նախկին նախարար Մոհամետ Սաֆատիի հետ` աւելցնելով, որ նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի հետ դաշնակցելու կարելիութիւնը կախեալ է Մուսթաքպալի սկզբունքներուն վերադառնալու անոր կեցուածքէն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը աղաւաղելը եւ ամբոխավարական շահերու համար անոր հիմերը խախտելը խիստ մերժելի են:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակերը նուազած են 200 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 100 լ. ոսկիով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ Լիբանանի առատաձեռնութիւնը անկրկնելի է` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի կարողութիւնները սահմանափակ են:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, տեղահանուածներու տունդարձին համար Սուրիա հանրապետութեան նախագահ զօր. Աունին պիտի տրամադրէ բոլոր դիւրութիւնները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարներ Ժըպրան Պասիլի եւ Նուհատ Մաշնուքի միջեւ արձանագրուած բանավէճը Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող համաձայնութեան վրայ իր ազդեցութիւնը պիտի չունենայ:

 

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Բարերար Լեւոն Հայրապետեան

Յաջորդը

Ասմար Քասսարի Հետ Քննարկեց Սեփական Մարզի Պաշտօնեաներուն Աշխատավարձը Սրբագրելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան  Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու
Գլխաւոր լուրեր

Աուն Ապահովութեան Խորհուրդի Պատուիրակութեան Կոչ Ուղղեց` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու

Դեկտեմբեր 6, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Նոր Բանագնացի Դերը Բացառապէս Թեքնիք Է Եւ Ոչ Քաղաքական, Եւ Ես Միայն Թեքնիք Դերը Պիտի Ճանչնամ»

Դեկտեմբեր 6, 2025
Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը  «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի  Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ
Լիբանանեան

Հըզպալլայի Ընդհանուր Քարտուղարը «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբին Մէջ Քաղաքայինի Նշանակումը Ձրի Զիջում Կը Նկատէ

Դեկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?