ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ պետական պատկերասփիւռի կայանի պաշտօնեաներու սենտիքային հետ եւ քննարկեց կայանին դիմագրաւած դժուարութիւնները:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան մշակութային մարզին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ մշակութային գործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով երկկողմանի համաձայնագիրի մը ստորագրութեան հեռանկարները:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով քաղաքական տարակարծութիւնը կ՛ուշացնէ անոնց վերադարձը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի ընդունեց հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաուը, որուն հետ քննարկեց Սայտայի վերաբերող հարցեր:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ ինք ոչ մէկ նուաճում կը գտնէ 2017-ի պետական ամավարկին մէջ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի այցելեց Մերժահիունի գաւառապետին եւ քաղաքապետին: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ու լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:


