12 տարի շարունակ պետական ամավարկի նախագիծեր վաւերացնելու առումով իր անկարողութենէն ետք, խորհրդարանը երէկ վաւերացուց 2017-ի պետական ամավարկը 61 թեր, 4 դէմ եւ 8 ձեռնպահ քուէներով:
Երրորդ օրն ըլլալով խորհրդարանը երէկ գումարեց իր ցերեկային եւ գիշերային նիստերը, որոնց ընթացքին կէտ առ կէտ քննարկուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ 2017-ի պետական ամավարկը:
Ցերեկային նիստին ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց պետութեան` հանրապետութեան նախագահութեան, խորհրդարանին եւ կառավարութեան ծախսերը, նախարարութիւններու պիւտճէները, ինչպէս նաեւ պետական ամավարկի պահեստի գումարը, Լիբանանի Կարմիր խաչին համար 10 միլիառ լ. ոսկիի յաւելում մը:
Առաւօտեան նիստին ընթացքին խորհրդարանը պահանջեց առկախել ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին եւ անոր կապուած հաստատութիւններուն հետ գործակցութեան համար ճշդուած գումարը:
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ ելեւմուտքի ու պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան տարակարծիք դուրս եկան, երբ առաջինը հաստատեց, որ 2017-ի պետական ամավարկով ոչինչ կարելի պիտի ըլլայ խնայել, իսկ երկրորդը ընդգծեց, թէ կարելի եղած էր մսխումները միլիառներով նուազեցնել:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա իր կարգին յայտնեց, որ ամավարկի քննարկումով ելեւմուտքի ու պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբին չորս ամսուան աշխատանքները ջնջուեցան:
Միւս կողմէ, խորհրդարանը քննարկեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան ֆայպըր օփթիքներու ծրագիրը, որ կը միտի համացանցի արագ ծառայութիւն ապահովել:
Մինչ երեսփոխան Պութրոս Հարպ քննադատեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան աշխատանքը, վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահի կատարածը հարիւր տոկոսով օրինական է:
Հարիրի շեշտեց, որ հաղորդակցութեան միջոցները կարեւորագոյն մարզերէն կը նկատուին եւ պէտք է բարգաւաճեցնել զանոնք:
Պըրրի իր կարգին նշեց, որ կարելի է հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը հարցապնդելու նիստի հրաւիրել` աւելցնելով, որ ինք կը նախընտրէ, որ նուազուրդի բոլոր պարագաները անցնին նուազուրդի յատուկ վարչութեան խողովակով:
Պըրրի պահանջեց յատուկ օրէնք մը մշակել այս իմաստով:
Երեկոյեան նիստը սկսաւ ժամը 6:15-ին:
Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի լքեց նիստը, երբ խորհրդարանը Աքքարի, Պաալպեքի եւ Հերմելի վերաբերող ծրագիրներուն համար պահանջուած գումարը` 30 միլիոն տոլար չտրամադրեց:
Մերեհպի շեշտեց, որ ինք պիտի հրաժարի կառավարութենէն, խորհրդարանէն եւ երկրէն, որովհետեւ ոչ ոք Աքքարի բարգաւաճումը կ՛ուզէ:
Պըրրի փորձեց համոզել Մերեհպին, որ ան վերադառնայ խորհրդարան, սակայն չյաջողեցաւ:
Աւելի ուշ Մերեհպի վերադարձաւ խորհրդարան:
Խորհրդարանը երեկոյեան իր նիստին ընթացքին տուրքերու վճարումին պարագային արձանագրուած ուշացումի նիւթական տուգանումները նուազեցուց 90 առ հարիւրով:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք վերապահ են պետական ամավարկի քննարկումի եղանակէն եւ կատարուած հաշուեփակէն:
Խորհրդարանը ջնջեց նաեւ թիւ 30 եւ 39 յօդուածները, որոնք քարահանքերուն կը վերաբերէին, ինչպէս նաեւ շեշտեց նիւթական նուիրատուութիւններուն վերաբերող հսկողութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 60 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը:
Կը նախատեսուի, որ իր յաջորդ նիստերուն ընթացքին կառավարութիւնը քննարկէ եւ վաւերացնէ նաեւ 2018-ի պետական ամավարկը եւ զայն յղէ խորհրդարան, որպէսզի վերջինս իր կարգին կարենայ կատարել քննարկումները եւ սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին արդէն իսկ վաւերացնէ զայն` օրինականացնելու համար սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը:


