Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ ամերիկեան Քոնկրեսի ելեւմտական յանձնախումբի նախագահ Ռուտնի Ֆրիլինկսըն 16-19 հոկտեմբերին այցելած է Լիբանան, ուր հանդիպում մը ունեցած է լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լիբանանին ներկայացուելիք ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները:
Ֆրիլինկսըն այցելած է նաեւ Համաթի խարիսխը, ուր ստուգած է բանակին տրամադրուած ամերիկեան «Պրետլի» տիպի հրասայլերը, ինչպէս նաեւ «Սուփըր Թոքանօ» տիպի օդանաւերը:
Իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Ֆրիլինկսըն ընդգծած է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն հետ Միացեալ Նահանգներուն ունեցած յարաբերութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն կը հսկէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ անոր բարգաւաճման:


