Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ժողովրդային հաշտութիւնը անխախտելի է` աւելցնելով, որ իրենք պիտի աշխատին այդ հաշտութիւնը  ընդարձակելու: Իսկ Լիբանանի կողմէ ի նպաստ Քաթարի եւ Եգիպտոսի դէմ քուէարկելու մասին կատարուած մեկնաբանութիւններուն անդրադառնալով` Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան պարզապէս ինքզինքէն հարցերը հեռացուցած է, երբ ձախողած է արաբական համախոհութիւն ապահովել: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ իրենք...

Դիւանագիտական Աշխուժ  Եռուզեռի Մթնոլորտին Մէջ.  Ընտրական Նոր Օրէնքի Եւ Պետական Պիւտճէի  Քննարկումը` Օրակարգի Առանցքային Նիւթ

Խորհրդարանը Այսօր Կը Սկսի Եռօրեայ Լիագումար Նիստերուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ ճշդուած խորհրդարանի լիագումարը կը սկսի այսօր եւ կը տեւէ մինչեւ հինգշաբթի` իր ցերեկային եւ գիշերային նիստերով: Խորհրդարանին հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ քննարկել պետական ամավարկը եւ վաւերացնել զայն: Սակայն նախքան այդ, խորհրդարանը պիտի ընտրէ իր դիւանը, ընդհանուր քարտուղարները, յանձնախումբերն ու անոնց նախագահները: Այս շրջագիծին մէջ, ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի յատուկ խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մաշնուքի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մաշնուքի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան` ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, երէկ այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններուն թղթածրարը եւ Պուրճ Համուտի ու Այնճարի քաղաքապետարաններուն վերաբերող խնդիրներ: Երեսփոխան Բագրատունի Մաշնուքի հետ քննարկեց նաեւ լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող...

Աւետիս Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց  Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան  Նոր Ռազմավարութեան

Աւետիս Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Նոր Ռազմավարութեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի զբօսաշրջութեան կեդրոններուն կողքին Լիբանան եւս վերածուած է զբօսաշրջական կարեւոր կեդրոնի մը: Ան նշեց, թէ նախարարութիւնը պատրաստած է նոր ռազմավարութիւն մը, որուն հիման վրայ կ՛ակնկալուի, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութիւնը որակական ոստում մը արձանագրէ: «Սակայն այդ ռազմավարութիւնը յայտարարելէ առաջ կ՛արժէ անդրադառնալ այն իրողութեան, որ...

«Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերադարձը  Պէտք Չէ Սուրիոյ Տագնապին  Քաղաքական Լուծման Կապել»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերադարձը Պէտք Չէ Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծման Կապել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ երկիրներու դեսպանները` Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քաճիանկ, Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէի, Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ Ֆիլիփ Լազարինիի եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան...

Հարիրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ  Իտալացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Հարիրի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Իտալացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ Լիբանան-Իտալիա գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին պատրաստութիւնները, որոնք կը միտին զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, ինչպէս նաեւ արծարծուեցան Փարիզի խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները` օժանդակելու եւ զօրակցելու համար Լիբանանի տնտեսութեան:...

Պըրրի Ընդունեց Սալամը` Հաստատելով,  Որ Վարչապետի Պաշտօնին Համար  Հարիրիի Այլընտրանքը Չունինք

Պըրրի Ընդունեց Սալամը` Հաստատելով, Որ Վարչապետի Պաշտօնին Համար Հարիրիի Այլընտրանքը Չունինք

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Սալամ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն` յանձնառու մնալու ազգային ճառերուն եւ հեռու մնալու մեկուսանալէ եւ մագլցողական քայլերէ: «Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն փուլը աւելորդ պոռոտախօսութիւններ, շանթաժ եւ ցեխարձակումներ չի կրնար հանդուրժել», ըսաւ Սալամ: Ան նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար կարելի...

Բանակը Բացայայտեց  Ականներու Պահեստանոց Մը

Բանակը Բացայայտեց Ականներու Պահեստանոց Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի Խէյլ հովիտին մէջ բացայայտած է ականներու պահեստանոց մը: Ըստ հաղորդագրութեան, գտնուած են հինգ լարուած ականներ, ինչպէս նաեւ գնդացիրներ, զէնք ու զինամթերք: Բանակի հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ բանակի սակրաւորները կրցած են այդ ականները վնասազերծել: Այլ հաղորդագրութեամբ մը, բանակի հրամանատարութիւնը նշեց, որ իսրայէլեան շրջուն ջոկատ մը Շեպաայի սահմանագիծը խախտած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները,  ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք ողջունեց բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն որդեգրած միջոցները` ահաբեկչական որեւէ դէպքի հակազդելու եւ զայն հակակշռելու իմաստով: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ ընդգծեց, որ...

Լոնտոնի Հրդեհին Զոհ  Գացած Լիբանանցիներուն  Աճիւնները Փոխադրուեցան Լիբանան

Լոնտոնի Հրդեհին Զոհ Գացած Լիբանանցիներուն Աճիւնները Փոխադրուեցան Լիբանան

«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւ մը երէկ երեկոյեան ժամը 7:30-ին Լիբանան փոխադրեց Լոնտոնի «Կրինվիլ» աշտարակին մէջ 14 յունիս 2017-ին բռնկած հրդեհին զոհ գացած լիբանանցիներուն աճիւնները: Լոնտոնի հրդեհին զոհ գացած 6 արտերկրի լիբանանցիները Շքէյր ընտանիքին կը պատկանին: Անոնք են` Պասեմ Թահան Շքէյր (ծնեալ` 1976-ին), անոր կինը` Նատիա Շքէյր (ծնեալ` 1984-ին), դուստրերը` Միրնա (14 տարեկան), Ֆաթիմա (11 տարեկան) եւ Զէյնապ (3...

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Լիբանանեան  Ծագումով Գերազանցներուն Այցելելու  Իրենց Երկիրը Եւ Օժանդակելու Անոր

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Լիբանանեան Ծագումով Գերազանցներուն Այցելելու Իրենց Երկիրը Եւ Օժանդակելու Անոր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արեան հիւանդութիւններու յատուկ լիբանանեան միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ մասնագէտ բժիշկ Ահմետ Իպրահիմի եւ ընկերակցութեամբ արաբ ու օտար դասախօսներու, որոնք մասնակցած էին միութեան հրաւիրած խորհրդաժողովին: Արեան հիւանդութիւններու յատուկ լիբանանեան միութիւնը, հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահին, իր 11-րդ խորհրդաժողովը կատարեց «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն, մանաւանդ լիբանանեան ծագում ունեցող գերազանցներուն աւելի...

Պըրրի Արիտիի Եւ Ֆըրզլիի Հետ Քննարկեց  Երկրին Քաղաքական Բեմը Յուզող Հարցեր

Պըրրի Արիտիի Եւ Ֆըրզլիի Հետ Քննարկեց Երկրին Քաղաքական Բեմը Յուզող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ընդունեց երեսփոխան Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Մեկնումի պահուն Ֆըրզլի շեշտեց, որ Լիբանանին սպառնացող բոլոր վտանգները կը չէզոքանան իշխանութեան երեք պետերուն համաձայնութեան դիմաց: «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ...

Պասիլ Կ՛այցելէ Ռըշմայա.  Լիբանանի Արտաքին Քաղաքականութիւնն  Ու Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը  Կը Դառնան Բանավէճի Նիւթեր

Պասիլ Կ՛այցելէ Ռըշմայա. Լիբանանի Արտաքին Քաղաքականութիւնն Ու Լեռնալիբանանի Հաշտութիւնը Կը Դառնան Բանավէճի Նիւթեր

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Ռըշմայա, ուր բացումը կատարուեցաւ ելեկտրական նոր կայանի մը, իսկ Սուք Էլ Ղարպի մէջ Պասիլ բացումը կատարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նոր մասնաճիւղին: Մինչ Պասիլ բացումը կը կատարէր ելեկտրական նոր կայանին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Մաքասետի շրջանաւարտներու միութեան կազմակերպած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ համախոհութիւնը լուրջ վտանգներու դիմաց...

Ասմար Եւ Շքէյր Մաղթեցին,  Որ Տնտեսական-Ընկերային  Խորհուրդը Յանգի Լուծումներու

Ասմար Եւ Շքէյր Մաղթեցին, Որ Տնտեսական-Ընկերային Խորհուրդը Յանգի Լուծումներու

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին մաղթեց, որ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդը վերածուի գործարարներու եւ աշխատաւորներու միջեւ երկխօսութեան սեղանի մը, որուն նպատակը ըլլայ կարելի եղածին չափ թեթեւցնել լիբանանցի քաղաքացիին ամէնօրեայ բեռը: Ասմար պահանջեց դրական կեցուածք ցուցաբերել Տնտեսական-ընկերային խորհուրդին նկատմամբ` շեշտելով, որ խորհուրդէն պահանջուած է տարբեր հարցերու համար լուծումներ գտնել: «Այդ հարցերէն են աղբի տագնապը,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ 13 հոկտեմբերի յիշատակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ուզեցին 13 հոկտեմբերը մղձաւանջի մը աւարտին վերածել, սակայն անիկա մեզի համար երազի մը սկիզբը եղաւ»: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 13 հոկտեմբերը հաւատքի արտայայտութիւն է եւ կենցաղ, որուն խորագիրն է անիրաւին դէմ իրաւունքին...

Հարիրի Այցելեց Ֆրանչիսկոս  Պապին Եւ Զայն Հրաւիրեց Լիբանան

Հարիրի Այցելեց Ֆրանչիսկոս Պապին Եւ Զայն Հրաւիրեց Լիբանան

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Վատիկան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Վատիկանի հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած ազդեցութիւնը: Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապէն խնդրած է այցելել Լիբանան` շեշտելով, որ անոր այցելութիւնը պիտի ըլլայ ի նպաստ Լիբանանի, շրջանին եւ քրիստոնեաներուն: Հարիրի նշեց, որ պապը ըմբռնում...

Նախագահ Աուն Շեշտեց, Որ Իրենց  Հետապնդած Դատը Ուղղակիօրէն Առնչուած Է  Պետութեան Կերտման Հիմերուն

Նախագահ Աուն Շեշտեց, Որ Իրենց Հետապնդած Դատը Ուղղակիօրէն Առնչուած Է Պետութեան Կերտման Հիմերուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ 13 հոկտեմբեր 1990-ի դէպքերուն 27-ամեակին առիթով շեշտեց, որ իրենց դատը  տարերային կամ ժողովրդային դատ մը չէ եղած, այլ անիկա ուղղակիօրէն առնչուած է պետութեան կերտման հիմերուն: «Այն պետութիւնը, որ ազատութիւն, անկախութիւն եւ գերիշխանութիւն չի վայելեր, ինքզինք չի կրնար կերտել», ըսաւ ան: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այսօր այն օրն է, երբ իրաւունքը կը վերադառնայ իրաւատիրոջ` մաղթելով,...

Ա. Կիտանեան Քանաանի Հետ Քննարկեց  Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծնունդի  Նախապատրաստական Աշխատանքները

Ա. Կիտանեան Քանաանի Հետ Քննարկեց Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծնունդի Նախապատրաստական Աշխատանքները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց զբօսաշրջութեան մարզին պարզած այսօրուան իրողութիւնն ու Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կատարուելիք նախապատրաստական աշխատանքները: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան եւ Քանաան ընդգծեցին Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Լիբանան այցելութեան իմաստով զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը գրաւող քաջալերական փաթեթներու կարեւորութիւնը: Քանաան շնորհակալութիւն...

Պըրրի Հասպանիի Հետ Քննարկեց Պետական  Ամավարկին Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Հասպանիի Հետ Քննարկեց Պետական Ամավարկին Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին զանազան մարզերուն վերաբերող զարգացումները: Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ պետական ամավարկին, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան մարզին վերաբերող հարցեր: Հասպանի նշեց, որ Պըրրիին ներկայացուցած է նախարարութեան պատրաստած նոր ծրագիրը` ոեւէ լիբանանցիի բժշկութեան ծախսերը ամբողջութեամբ հոգալու իմաստով: Հասպանի յայտնեց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է կարգ...

Ըստ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքին.  «Տուրքերու Օրէնքին Վաւերացումը Չի Նշանակեր,  Որ Կառավարութիւնը Փտածութեան Դէմ  Իր Պայքարը Պիտի Չշարունակէ»

Ըստ Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքին. «Տուրքերու Օրէնքին Վաւերացումը Չի Նշանակեր, Որ Կառավարութիւնը Փտածութեան Դէմ Իր Պայքարը Պիտի Չշարունակէ»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ խորհրդարանին կողմէ տուրքերու օրէնքին վաւերացումը` աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու եւ պետական գանձարկղին նիւթական շահեր ապահովելու նպատակով, չի նշանակեր, որ կառավարութիւնը փտածութեան դէմ իր պայքարը պիտի չշարունակէ: Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց պլոքի նիստին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուած էր, թէ երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան...

Page 698 of 987 1 … 697 698 699 … 987

Արխիւներ