Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Ունեցաւ Փոթորկալի Աւարտ Մը. Յաջորդ Նիստը` Այսօր

Հոկտեմբեր 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանը երէկ իր լիագումար նիստին ընդմէջէն շարունակեց քննարկել 2017-ի պետական ամավարկը, որ մինչեւ երեկոյեան նիստը համեմատաբար աւելի հանդարտ էր:

Սակայն երեկոյեան նիստին երեսփոխաններուն միջեւ արձանագրուած տարակարծութիւններուն պատճառով անիկա ստացաւ աւելի լարուած բնոյթ, որուն պատճառով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիագումարը ուղղակի սփռող պատկերասփիւռի կայաններէն պահանջեց անջատել հեռարձակումը:

Պըրրի խորհրդարանի լիագումար նիստին ուղղակի սփռումը կասեցուց, երբ երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ եւ Իպրահիմ Քանաան սուր բանավէճ մը ունեցան պետական ամավարկին մէջ կատարուելիք հաշուեփակին մասին:

Նիստին սփռումը կասեցնելէ ետք խորհրդարանը համաձայն գտնուեցաւ կառավարութեան պահանջին, որ 2017-ի պետական ամավարկը բացառաբար վաւերացուի` նախքան հաշուեփակ կատարելը, եւ պայմանով, որ ամավարկի վաւերացման մասին քննարկումը կատարուի այսօրուան նիստին ընթացքին:

Նշենք, որ պետական ամավարկին վրայ աւելցուեցաւ յօդուած մը, որուն համաձայն ամավարկին վաւերացումէն ետք` վեց ամիսէն մէկ տարուան ժամանակաշրջանի ընթացքին կատարուի հաշուեփակը: Այս յաւելումին թեր քուէարկեցին 57 երեսփոխաններ, դէմ` 11 երեսփոխաններ, իսկ երեսփոխան Իմատ Հութ մնաց ձեռնպահ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի ուշ երեկոյեան նիստին աւարտին յայտնեց, որ ամավարկին շուրջ քննարկումին զուգահեռ նաեւ ծանր սկսած են կշռել պոռոտախօսութիւնները` աւելցնելով, որ այդ իրականութիւնը հասկնալի է` նկատի ունենալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն մօտալուտ ըլլալը:

Հարիրի անդրադարձաւ իր կառավարութեան արձանագրած նուաճումներուն, որոնցմէ են ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումը, աշխատավարձի յաւելումները, դիւանագիտական եւ դատական անձնակազմի նշանակումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի կազմութիւնն ու 12 տարի ետք պետական ամավարկի պատրաստութիւնը:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ մանրամասն բացատրութիւններ ներկայացուց պետական ամավարկին մասին` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատունը իւրաքանչիւր տարուան ընթացքին իր նիւթական պարտաւորութիւնները կատարած է, ինչպէս նաեւ հաշուեփակ կատարած, սակայն այս բացատրութիւններուն ի տես Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան մնաց անդրդուելի:

«Կը մաղթէի, որ Կեդրոնական դրամատան վերաբերող բանավէճը հրապարակաւ չըլլար, որպէսզի կարելի ըլլար աւելի հանդարտ վիճակի մէջ եւ յաւելեալ պատասխանատուութեամբ քննարկել զայն», ըսաւ Հասան Խալիլ:

Ատուան ընդգծեց եւ պահանջեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները մանրամասն ներկայացուին խորհրդարանին, ինչպէս նաեւ պահանջեց կազմել խորհրդարանական հետաքննիչ յանձնախումբ մը:

Ատուան նշեց, որ առանց հաշուեփակ կատարելու պետական ամավարկի վաւերացումը սահմանադրութեան բարեփոխում կը նկատուի, սակայն Պըրրի շեշտեց, որ սահմանադրութիւնը բարեփոխելու առումով լուրջ անհամաձայնութիւն գոյութիւն ունի` Թաէֆի համաձայնագիրին պատճառով:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կողմէ Դիմադրութեան ապազինումին մասին կատարուած ակնարկութեան Պըրրի տուաւ հետեւեալ պատասխանը. «Երբ Իսրայէլէն աւելի հզօր դառնաս, այդ պարագային կրնաս Դիմադրութիւնը ապազինել»:

Խորհրդարանը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին քուէարկութիւն պիտի կատարէ 2017-ի պետական ամավարկի վաւերացման շուրջ:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Թեհրան Այցելութեան Հրաւէր Մը Ստացաւ

Յաջորդը

«Լիբանանահայութեան Ուժը Ամբողջ Սփիւռքի Եւ Հայութեան Ուժն Է» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?