Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանահայութեան Ուժը Ամբողջ Սփիւռքի Եւ Հայութեան Ուժն Է» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Հոկտեմբեր 19, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայերէն լուրերու բաժանմունքին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք այս հարցազրոյցով պաշտօնապէս մեկնարկը կը կատարէ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու աշխատանքին եւ կը յայտարարէ ընտրարշաւին սկիզբը:

Ան նշեց, որ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած խորհրդարանական ընտրութիւնները արդէն իսկ դարձած են իրականութիւն:

«Երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան, եւ այդ իրականութենէն նահանջ չկայ: Մենք այս ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք այնպէս, ինչպէս միշտ մասնակցած ենք: 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին համար բազմակողմանի նշանակութիւն ունի, յատկապէս նկատի ունենալով ընտրական նոր օրէնքը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ այդ օրէնքով կարելի է բարձրացնել խորհրդարանին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն թիւը, որ իրաւ եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան արտայայտութիւնն է, եւ այդ օրէնքին գործադրութեան կը հսկէ լիբանանեան իշխանութիւնը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահութեամբ:

«Երկրորդ նշանակութիւնը այն է, որ առիթը պիտի ունենանք վերականգնելու Լիբանանի հայութեան ազատ կամքի արտայայտութիւնը` զայն աւելի ընդարձակ կերպով ներկայացնելով Հայկական երեսփոխանական պլոքին մէջ:

Երրորդ, Լիբանանի խորհրդարանին մէջ մենք մեր իրաւունքը պիտի վերահաստատենք, իբրեւ խորհրդարանի անդամներ, որոնք կը ներկայացնեն հայ համայնքը: Եւ ինչքան շատ ըլլայ մեր երեսփոխաններուն թիւը, այնքան լիբանանահայութիւնը իր գործօն դերակատարութիւնը կրնայ ունենալ երկրին քաղաքական կեանքին մէջ, բարեկարգումներուն մէջ, փտածութեան դէմ արշաւին մէջ եւ երկիրը իբրեւ պետութիւն` պետական ու սահմանադրական հաստատութիւններու պարունակին մէջ կառուցելու իմաստով», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ բոլորին համար ծանօթ է, թէ լիբանանահայութիւնը սփիւռքի հայութեան ողնաշարին հիմնական օղակներէն է, հետեւաբար հզօր լիբանանահայութիւն կը նշանակէ հզօր սփիւռք, ինչպէս նաեւ կը նշանակէ հզօր Հայաստան եւ հզօր Արցախ:

«Լիբանանահայութեան ուժը ամբողջ հայութեան ուժն է: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի` կոչ ուղղելով, որ ո՛չ միայն լիբանանահայութիւնը ստուար թիւերով մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, այլ նաեւ արտերկրի մէջ ապրող լիբանանահայերը իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերեն այս ընտրութիւններուն», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընտրական մեքենան արդէն իսկ կը գործէ: «Այսօր ան նոր զարգացում կը ստանայ, երբ երկար ջանքերէ ետք կարելի եղաւ ապահովել որոշում, որուն հիման վրայ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին նաեւ արտերկրի լիբանանցիները: Այդ որոշումը կայացնելու ջանքերուն մասնակից եղանք նաեւ մենք: Ի վերջոյ բոլոր լիբանանցիները այս երկրի կապուած են եւ իրենց ըսելիքը պիտի ունենան այս երկրի ապագային մասին: Իսկ չորս տարի ետք պիտի ունենանք արտերկրի լիբանանցիները ներկայացնող վեց երեսփոխաններ: Հետեւաբար այսօր առաջին առիթն է լիբանանցիներուն, որ անոնք քուէարկեն իրենց բնակած վայրերուն մէջ», յայտնեց երեսփոխան Բագրատունի` ակնարկելով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ հրապարակուած կոչին:

Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց արտերկրի բոլոր լիբանանահայերուն` Ամերիկաներու (Հիւսիսային, Հարաւային), Քանատայի, Ռուսիոյ, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, ներառեալ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բնակող լիբանանահայերուն, որոնք իրենց լիբանանեան հպատակութիւնը պահած են, որ փութան արձանագրուելու ելեկտրոնային միջոցներով:

«Ելեկտրոնային այս արձանագրութիւնը առաջին քայլն է, որ պիտի կատարուի յատուկ կայքի մը վրայ եւ կարելի է զայն կատարել Սմարթ բջիջայիններով: Կայքերուն մանրամասնութիւնները յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին պիտի ըլլան բոլորին տրամադրութեան տակ: Արձանագրութիւնները պէտք է կատարուած ըլլան մինչեւ 20 նոյեմբեր 2017:

Երկրորդ քայլը պիտի ըլլայ ընտրութեան օրը` 6 մայիս 2018-ին, լիբանանահայութեան կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը` քուէարկելով իրենց ամէնէն մօտիկ կեդրոնին մէջ, որ կրնայ ըլլալ Լիբանանի դեսպանատուն, հիւպատոսարան եւ կամ յատուկ կեդրոններ, որոնք թիւի համաձայն (աւելի քան 200 քուէարկողի պարագային) ճշդուած պիտի ըլլան արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի կրկնելու գնով հաստատեց, որ եթէ արտերկրի լիբանանցի մը մինչեւ 20 նոյեմբեր չէ արձանագրուած, ապա ան պիտի չկարենայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցիլ:

«Մեր ակնկալութիւնն է, որ ընտրութիւններուն մասնակցող լիբանանահայութեան թիւը ըլլայ հսկայական: Ասիկա կարեւոր է, որովհետեւ Լիբանանի համայնքային դրութեան ի տես, մենք պարտաւոր ենք մեր թիւերը պահպանել: Արտերկրի լիբանանահայութիւնը իր կարգին պարտաւորութիւններ ունի Լիբանանի հանդէպ` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ անոր ունեցած հարազատները, գործերն ու կալուածները», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի եզրափակեց ըսելով, որ արտերկրի լիբանանահայութեան մասնակցութիւնը կարեւոր է կերտելու համար երեսփոխանական ընդարձակ պլոք, լիբանանահայութեան ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն եւ քաղաքական հզօր ուժ:

«Արտերկրի իւրաքանչիւր լիբանանահայու կողմէ իր անուան արձանագրութիւնը անհրաժեշտ է: Ժամանակ չկա՛յ, պէ՛տք է շտապել եւ գործադրել լիբանանահայութեան բարոյական իրաւունքը: Ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին արձանագրելու իրենց անունները, որպէսզի հետագային կարենանք ճակատաբաց ըսել, որ լիբանանահայութիւնը հզօր է եւ անոր ուժը ամբողջ սփիւռքի եւ հայութեան ուժն է», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

 

Նախորդը

Պետական Ամավարկը Վաւերացնելու Խորհրդարանի Լիագումար Նիստը Ունեցաւ Փոթորկալի Աւարտ Մը. Յաջորդ Նիստը` Այսօր

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Այցելած Է Ֆլամանտական Խորհրդարան

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?