Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայէլ Ֆրանսայի Դեսպանին Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

October 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պեռնար Ֆուշիէն` ներկայութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէի եւ կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Մարուան Ապտալլայի:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հանդիպումին քննարկուած են շրջանային վերջին զարգացումները եւ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններուն վրայ անոնց ունենալիք հետեւանքները` նկատի ունենալով լարուածութիւնն ու քաղաքական, զինուորական եւ տնտեսական ճնշումները:

Հանդիպումին քննարկուած է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ Ժեմայէլ Ֆուշիէին ներկայացուց տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող Փաղանգաւոր կուսակցութեան առաջարկը: Ան նշեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կ՛առաջարկէ, որ այդ տունդարձը կատարուի միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ միջազգային ընտանիքին հովանաւորութեան տակ:

Միւս  կողմէ, նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Ժեմայէլ նախագահեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան Կեդրոնական մարմինի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին հարց տրուեցաւ, թէ երկրին դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն ներքեւ ինչպէ՞ս կարելի է պատկերացնել, որ կառավարութիւնը արտակարգ նիստերու չի հրաւիրեր` քննարկելու համար երկրին սպառնացող զինուորական եւ տնտեսական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ակնկալեց, որ խորհրդարանը կը վաւերացնէ պետական ամավարկ մը, որ տնտեսագիտական մօտեցումով մշակուած է եւ կը ներառէ տնտեսական բոլոր բարեկարգումները, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ վերջ տալ մսխումներուն, վարել սեղմումի քաղաքականութիւն եւ կասեցնել փտածութիւնը:

 

 

Նախորդը

Կութիերես Նաուաֆ Սալամը Պարգեւատրեց «Գերազանց Դեսպան» Կոչումով

Յաջորդը

Մաշնուք. «Ով Որ Լիբանանի Արտաքին Քաղաքականութեան Մէջ Հարց Չի Տեսներ, Ապա Ան Կոյր Է»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.