Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յաջորդ Ճակատամարտը Պետական Հաստատութիւններուն Եւ Երկրին Միջեւ Վստահութիւնը Ամրապնդելու Ճակատամարտը Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

October 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահըտի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ աշխատանքը պիտի շարունակուի երկրին պետական հաստատութիւններուն եւ Լիբանանի միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու նպատակով: Ան նշեց, որ իր նպատակն է ստեղծել իր հիմքերուն կառչած եւ փոխադարձ վստահութիւն վայելող ընկերութիւն մը:

«Յաջորդ ճակատամարտը պետական հաստատութիւններուն եւ երկրին միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու ճակատամարտը պիտի ըլլայ», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն իրենց դերակատարութիւնը ունենալու` արդարութիւնը պարտադրելու իմաստով:

Իրենց կարգին, դատաւորները շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Աունին դատական իշխանութիւններուն վերաբերող նշանակումները կատարելուն համար` նկատի ունենալով տարիներու վրայ երկարած թափուր վիճակը:

Ֆահըտ նախագահ Աունին յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու ուրբաթ, 27 հոկտեմբեր 2017-ին սկսելիք դատական տարեշրջանի բացման արարողութեան:

Ֆահըտ նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ 2012-2015 դատական ատեաններու աշխատանքներուն վերաբերող տեղեկագիր մը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ դատաւորներուն վերաբերող հարցեր, յատկապէս անոնց աշխատավարձին ու ստանալիք հատուցումներուն` նկատի ունենալով աշխատավարձի յաւելումներուն մասին խորհրդարանի որոշումը:

Ֆահըտ յայտնեց, որ նախագահ Աուն դատաւորներուն պահանջները նկատի պիտի ունենայ` մեկնելով դատական իշխանութիւններուն անկախութեան եւ դատական աշխատանքը աշխուժացնելու դիտանկիւնէն:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններն ու զարգացումները:

 

 

Նախորդը

Ուիսամ Հասանի Սպանութեան Ե. Տարելիցին Առիթով Վարչապետը, Ներքին Գործոց Նախարարը Եւ Ուրիշներ Կ՛այցելեն Անոր Շիրիմը

Յաջորդը

Խորհրդարանը Վաւերացուց 2017-ի Պետական Ամավարկը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.