Ժահժահ. «Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Նախարարներուն Հրաժարականը Հաւանական Է»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Աւստրալիա կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ ուղղուեցաւ Մելպուռն` ընկերակցութեամբ իր կնոջ` երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի: Ժահժահ հանդիպում մը ունեցաւ Վիքթորիա նահանգի վարչապետ Տանիէլ Անտրիւի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի իրավիճակը եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ կառավարութեան կողմէ Լիբանանի մէջ իրագործուելիք բարգաւաճման ծրագիրները: Անտրիւ ողջունեց Ժահժահը` դրուատելով լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ անոր ունեցած...




















