Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ յայտնեց, որ Փարիզի մէջ Լիբանանի յատուկ զբօսաշրջական գրասենեակի բացումը «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան հետ ստորագրուած համաձայնագիրին մաս կը կազմէ` առանց լիբանանեան պետութեան յաւելեալ բեռ դառնալու:
Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ ասիկա չի նշանակեր, թէ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Փարիզի մէջ այլ գրասենեակ մը ունի, այլ պարզապէս այն, թէ «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւն մը գոյացած է, որ Փարիզի մէջ այս ընկերութեան անձնակազմը ստանձնէ Լիբանանը շուկայադրելու աշխատանքը:
«Այս գրասենեակին գոյութիւնը նոր փորձառութիւն մըն է, որ նախարարութեան հետ բնաւ կապ չունի, եւ եթէ յաջողի տարեկան կամ ժամանակաւոր յաջողութիւն արձանագրել, ապա ան լիբանանեան պետութեան նիւթական բեռերը պիտի թեթեւցնէ` առանց անոր յաւելեալ ծախսեր պարտադրելու», ըսաւ ան:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Գահիրէի եւ Փարիզի մէջ նման գրասենեակներու գոյութիւնը օգտակար է եւ կը միտի ամբողջ աշխարհին յիշեցնել Լիբանանի գոյութիւնը:
Ան յայտնեց, որ «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութիւնը կը պատկանի ֆրանսական «Կլոպ նեթուըրք» ընկերութեան, որ զբօսաշրջութեան քարոզչութեան մարզին մէջ քսանամեայ փորձառութիւն ունի եւ Միջին Արեւելքի թէ Եւրոպայի մեծ թիւով երկիրներու մէջ կ՛աշխատի, տեղեկութիւններ ունի, կապեր հաստատած է եւ կու տայ այնպիսի որոշումներ, որոնք կը ծառայեն լիբանանեան զբօսաշրջութեան:
«Լիբանան նախապէս կը բաւարարուէր երկրին մասին ծանուցողական արշաւներով, սակայն այսօր պէտք է կառքին առջեւ ձի մը կապել եւ մղել զբօսաշրջիկները ուղղուելու ճամբորդական եւ զբօսաշրջական գրասենեակներ` Լիբանան այցելութեան գործնական միջոցներուն դիմելու նպատակով», եզրափակեց Ա. Կիտանեան:


