Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուիսամ Հասանի Սպանութեան Ե. Տարելիցին Առիթով Վարչապետը, Ներքին Գործոց Նախարարը Եւ Ուրիշներ Կ՛այցելեն Անոր Շիրիմը

October 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի նահատակութեան Ե. տարելիցին առիթով, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Հասանի շիրիմը, ուր զետեղեց ծաղկեպսակ մը:

Հարիրի յայտնեց, որ ինք Հասանի նահատակութիւնը անձնական եւ ազգային իմաստով կորուստ կը նկատէ:

«Հասան որոշումի տէր մարդ էր եւ Լիբանանը ամէն տեսակի վտանգէ պաշտպանող անձնաւորութիւն մը», ըսաւ Հարիրի:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Հասանի ընտանիքին` հաստատելով, որ անոր սպանութեան վերաբերեալ հետաքննութիւնը կը շարունակուի եւ կը հետապնդուի` մինչեւ ճշմարտութեան բացայայտումը:

«Հասանի դէմ այդ սպանութիւնը գործողը կը փափաքէր Լիբանանի կորուստը տեսնել, սակայն մենք պիտի շարունակենք նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ Ուիսամ Հասանի պատգամով ու ուղեգիծով ընթանալ», ըսաւ ան:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ընկերակցութեամբ տեղահանուածներու հարցերու նախարար Մույին Մերեհպիի, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Խալետ Համմուտի եւ այլ անձնաւորութիւններու, այցելեց Ուիսամ Հասանի շիրիմը, ուր  շեշտեց, որ Հասանի յիշատակը իրենց մէջ միշտ ներկայ է:

«Մեզի համար անմոռանալի է Հասանի փորձառութիւնը, արհեստավարժութիւնը, կարողութիւնը, հայրենասիրութիւնը, լիբանանցիութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը` բոլոր լիբանանցիներուն անվտանգութեան նկատմամբ», ըսաւ ան:

Մաշնուք աւելցուց, որ Հասանի գործունէութեան ոճը եւ ուղեգիծը ներքին ապահովութեան ուժերուն համար յիշատակ չեն, այլ` ամէնօրեայ աշխատանք, որուն արդիւնքը կը դրսեւորուի լիբանանցիներուն ապահովութիւնը պահպանելով:

Իր կարգին, Օսման Հասանի սպանութեան տարելիցին առիթով յայտնեց, որ իրենք պիտի պաշտպանեն Լիբանանը ամէն չարիքէ եւ ահաբեկչութենէ:

Նշենք, որ Հասանի շիրիմը այցելեցին նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի:

 

Նախորդը

«Անյայտ Կորսուածներուն Ճակատագիրին Մասին Իմանալու Իրաւունքը Սուրբ Է» Ընդգծեց Պասիլ

Յաջորդը

«Յաջորդ Ճակատամարտը Պետական Հաստատութիւններուն Եւ Երկրին Միջեւ Վստահութիւնը Ամրապնդելու Ճակատամարտը Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.