Լիբանանեան

Նախարար Կիտանեան Զեկուցեց  Զբօսաշրջութեան Մարզին Մասին

Նախարար Կիտանեան Զեկուցեց Զբօսաշրջութեան Մարզին Մասին

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ եւ երեսփոխաններ Ժիլպերթ Զուէյն, Սելիմ Քարամ, Ապպաս Հաշեմ եւ Քասեմ Ապտել Ազիզ: Հանդիպումին ընթացքին Ա. Կիտանեան զեկուցեց զբօսաշրջութեան մարզին մասին: Ան անդրադարձաւ այդ մարզին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական աշխատանքը զարգացնելու հոլովոյթին բախող խոչընդոտներուն: Յանձնախումբը...

«Պատրաստ Եմ Տեղահանուածներուն  Հարցով Սուրիոյ Հետ  Աշխատանքները Համադրելու»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Պատրաստ Եմ Տեղահանուածներուն Հարցով Սուրիոյ Հետ Աշխատանքները Համադրելու» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ինք պատրաստ է տեղահանուածներու հարցով Սուրիոյ հետ աշխատանքները համադրելու, եթէ կառավարութիւնը իրեն վստահի այդ պարտականութիւնը: Հարցազրոյցի մը ընթացքին Իպրահիմ յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու անցարգելներուն մօտ ապահովական միջոցառումները խստացած են, յատկապէս Մասնայի սահմանին վրայ` Լիբանան մուտք գործող սուրիացիներուն պարագային: Ան շեշտեց, որ սուրիացիներուն Լիբանան մուտք գործելու պարագային միջոցառումները շատ խիստ...

Մուսթաքպալ Պլոք. «Արդէն Իսկ Յստակ  Դարձած Է, Թէ Իրան Կը Ձգտի  Տիրանալ Լիբանանին Եւ Շրջանին»

Մուսթաքպալ Պլոք. «Արդէն Իսկ Յստակ Դարձած Է, Թէ Իրան Կը Ձգտի Տիրանալ Լիբանանին Եւ Շրջանին»

Մուսթաքպալ պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը ողջունեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի տուած հզօր պատասխանը` Լիբանանի վերաբերեալ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի կատարած յայտարարութեան: «Արդէն իսկ յստակ դարձած է, թէ Իրան կը ձգտի տիրանալ Լիբանանին եւ շրջանին», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ պլոքը դրուատեց խորհրդարանին կողմէ 2017-ի պետական ամավարկի վաւերացումը` 12...

Օսպաթ Անսար Դատապարտուեցաւ Սայտայի  Դատաւորները Սպաննելու Յանցանքով

Օսպաթ Անսար Դատապարտուեցաւ Սայտայի Դատաւորները Սպաննելու Յանցանքով

Պաապտայի աւագ քննիչ դատախազ Փիեռ Ֆրենսիս Օսպաթ Անսարը դատապարտեց Սայտայի մէջ չորս դատաւորներուն սպանութեան յանցանքով: Նշենք, որ դատաւորներ Հասան Օսման, Իմատ Շեհապ, Ուալիտ Հարմուշ եւ Իսամ Ապու Տահեր Սայտայի մէջ սպաննուած էին 8 յունիս 1999-ին: ՄԻՒՍ կողմէ, Պետական անվտանգութեան ուժերը Սատ Պաուշրիէի մէջ երէկ ձերբակալեցին Իսրայէլի հաշուոյն Լիբանանի մէջ ապահովական աշխատանք կատարող լիբանանցի կին գործակալ մը, որուն գործած այդ յանցանքին...

Ֆրենժիէ. «Պասիլի Ջանքերուն Շնորհիւ  Ժահժահի Հետ Հանդիպումս Նախագահ Աունի Հետ  Հանդիպելէ Առաջ Կը Նախատեսեմ»

Ֆրենժիէ. «Պասիլի Ջանքերուն Շնորհիւ Ժահժահի Հետ Հանդիպումս Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպելէ Առաջ Կը Նախատեսեմ»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ինք շատ աւելի նուաճումներ եւ իրագործումներ կ՛ակնկալէր հանրապետութեան հզօր նախագահին իշխանութեան առաջին տարիէն: Ան խստիւ դատապարտեց նշանակումներու եղանակը, «կարծէք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Ֆրենժիէի համակիր ոեւէ քրիստոնեայ պատասխանատուի փոխարէն այլ քրիստոնեայ մը նշանակելով կացութիւնը կը բարելաւուի», ըսաւ ան: Ֆրենժիէ նշեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի վարուելակերպը աւելի վատ...

Ժեմայէլ Անհրաժեշտ Կը Նկատէ ՄԱԿ-ի  Հովանաւորութեամբ Կազմակերպել  Տեղահանուածներուն Տունդարձը

Ժեմայէլ Անհրաժեշտ Կը Նկատէ ՄԱԿ-ի Հովանաւորութեամբ Կազմակերպել Տեղահանուածներուն Տունդարձը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախանցեալ օր Սայֆիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ իբրեւ լիբանանեան քաղաքական ընդդիմադիր կողմ` Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեցուածքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի արձանագրուած սահմանադրական խախտումներուն: Ժեմայէլ եւ Լասըն ընդգծեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Անոնք քննարկեցին նաեւ շրջանին մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակը...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Ընդունեց  Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Ընդունեց Հըզպալլայի Պատուիրակութիւն Մը

Լուսանկարը` ՍԹԻՒՏԻՕ ԱՇՆԱԿի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Հըզպալլայի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի փոխնախագահ Մահմուտ Քմաթի, Մոհամետ Սայիտ Խանսա, նախկին երեսփոխան Ամին Շըրրի, Մոհամետ Սալեհ եւ Ալի Տահեր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները աշխուժացնելու հեռանկարները: Երեսփոխան Բագրատունի եւ Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը...

Հարիրի Ընդունեց Քոսկրովը  Եւ Պատասխանեց Ռուհանիին

Հարիրի Ընդունեց Քոսկրովը Եւ Պատասխանեց Ռուհանիին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչ Փիթըր Քոսկրովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտուրի մարզերուն վերաբերեալ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը եւ Լիբանանի վրայ այդ տագնապին ունեցած հետեւանքները: Հանդիպումին աւարտին Քոսկրով Հարիրիին յանձնեց Աւստրալիա այցելութեան հրաւէր մը:...

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց  Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրին եւ համալսարանի ակադեմական հարցերու ներկայացուցիչ Մոհամետ Հարաժլին: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհաւորեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, որ շրջանին մէջ գտնուող հազար արաբական համալսարաններուն մէջ լաւագոյնը ընտրուած էր` համալսարաններու «Քիւ. Էս.»  համաշխարհային դասաւորման ծրագիրին կողմէ: Նախագահ Աուն ընդգծեց ուսման մակարդակը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ուսման մակարդակը...

«Արտերկրի Լիբանանցիներուն  Մասնակցութիւնը` Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն, Նոր Նուաճում Մըն Է»  Շեշտեց Ժրայսաթի

«Արտերկրի Լիբանանցիներուն Մասնակցութիւնը` Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն, Նոր Նուաճում Մըն Է» Շեշտեց Ժրայսաթի

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ բոլորին համար ծանօթ են սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքները Լիբանանի վրայ, եւ այս ծիրին մէջ պահանջեց աշխուժացնել սուրիացի տեղահանուածներու տագնապի լուծման համար կազմուած նախարարական յանձնախումբին աշխատանքները: Միւս կողմէ, Ժրայսաթի ընդգծեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը` երեսփոխանական...

Անուններու Արձանագրութեան Իմաստով  Արտերկրի Լիբանանցիները Քաջալերելու  Արշաւին Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Անուններու Արձանագրութեան Իմաստով Արտերկրի Լիբանանցիները Քաջալերելու Արշաւին Մեկնարկը Կատարուեցաւ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ մեկնարկը կատարեց արշաւի մը, որուն նպատակն է քաջալերել արտերկրի լիբանանցիները` մայիս 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան առիթով իրենց անունները արձանագրելու: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց հետեւեալ կայքը. www.diasporavote.mfa.gov.lb եւ հետեւեալ էփը` MOFA ONLINE, որպէսզի արտերկրի լիբանանցիները առցանց արձանագրութիւն կատարեն իրենց ապրած երկիրներուն մէջ գտնուող լիբանանեան դեսպանատուները կամ հիւպատոսարանները: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց արտերկրի...

Ասմար. «Պիտի Շարունակենք Պահանջել  Սեփական Մարզի Աշխատավարձի Յաւելումը»

Ասմար. «Պիտի Շարունակենք Պահանջել Սեփական Մարզի Աշխատավարձի Յաւելումը»

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ երբ աշխատավարձի յաւելում կը պահանջէին, ի մտի ունէին սեփական մարզը, որովհետեւ աշխատավարձի յաւելումներուն պատճառով պարտադրուած տուրքերէն տուժողները լիբանանցիներն են եւ յատկապէս սեփական մարզի աշխատաւորները: Ասմար ընդգծեց, որ աշխատավարձի յաւելումը կը ներառէ լիբանանցիներուն մէկ երրորդը, այսինքն` 300 հազար քաղաքացի, մինչդեռ սեփական մարզի աշխատաւորներուն թիւը կը հասնի 900 հազարի: «Հետեւաբար մենք մնայուն կերպով պիտի...

Նաժարի Մեծարեց Ապպաս Իպրահիմը

Նաժարի Մեծարեց Ապպաս Իպրահիմը

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի երկուշաբթի գիշեր մեծարեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը: Մեծարանքի երեկոյին հրաւիրուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէ, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործակատար Ուալիտ Պուխարի, նախկին նախարար Ռեմոն Արայժի, դեսպաններ Թրէյսի Շամուն եւ Ղատա Խուրի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի, Ազգային...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ  Արագացնելու Պաշիր Ժեմայէլը Սպաննող  Յանցագործին Դէմ Արձակուած  Մահապատիժին Գործադրութիւնը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Պաշիր Ժեմայէլը Սպաննող Յանցագործին Դէմ Արձակուած Մահապատիժին Գործադրութիւնը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի: Նիստէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց արագացնելու հանրապետութեան նախկին նախագահ Պաշիր Ժեմայէլը սպաննող յանցագործին դէմ արձակուած մահապատիժին գործադրութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ վճիռը արդէն իսկ ուշ` սպանութեան ոճիրէն 35 տարի ետք արձակուած է: Հաղորդագրութեան մէջ պահանջ դրուեցաւ կերտել Փաղանգաւոր կուսակցութեան երազած երկիրը, ինչպէս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ գործակցութիւնը` ընդգծելով ելեւմտական կացութեան կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի ըսաւ. «Անկարելի է, որ Լիբանան տեղահանուածներու թղթածրարին բեռը առանձին կրէ»: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ ընդգծեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղի պեղումներ կատարած օտար ընկերութիւններուն...

ԿՈՉ Արտասահմանի Լիբանանահայերուն. Արձանագրուեցէ՛ք Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Համար

Լիբանանի կառավարութեան որոշումով յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 6 մայիս 2018-ին: Յարատեւ եւ երկար աշխատանքէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով որոշում կայացած է, որ արտասահման ապրող բոլոր լիբանանցիները պիտի կարենան իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը կատարել իրենց բնակութեան վայրերուն մէջ կամ ամէնէն մօտակայ շրջաններուն մէջ եւ քուէարկել յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Առ այդ, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութեան որոշումով մինչեւ 20 նոյեմբեր...

Նախագահ Աուն Եւ Քոսկրով Ընդգծեցին  Լիբանանեան-Աւստրալական Երկկողմանի  Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու  Կարեւորութիւնը

Նախագահ Աուն Եւ Քոսկրով Ընդգծեցին Լիբանանեան-Աւստրալական Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Աւստրալիոյ ընդհանուր կառավարիչ Փիթըր Քոսկրովը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները: Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախագահ Աուն եւ Քոսկրով ընդգծեցին լիբանանեան-աւստրալական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը` ապահովելու համար երկու երկիրներուն շահերը: Նախագահ Աուն ընդգծեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առումով միջազգային ճիգերու...

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն  Մասնակցելու Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Արտերկրի Լիբանանցիներուն Մասնակցելու Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցելու Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ զօրակցելու համամասնական ընտրական օրէնքի յաջողութեան: Պըրրի յորդորեց արտերկրի լիբանանցիները ուղղուելու իրենց ապրած երկիրներուն մէջ գտնուող լիբանանեան դեսպանատուները կամ հիւպատոսարանները եւ արձանագրելու իրենց անունները, նախքան 21 նոյեմբեր 2017: Իր կոչին մէջ Պըրրի նշեց, որ լիբանանցիները կրցած են ընտրել հանրապետութեան նախագահը, վաւերացնել ընտրական նոր...

Զօր. Աուն Ամերիկեան Ուժերու  Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Բանակը  Զինելու Կարելիութիւնները

Զօր. Աուն Ամերիկեան Ուժերու Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Բանակը Զինելու Կարելիութիւնները

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այսօր սկսաւ Միացեալ Նահանգներ պաշտօնական իր այցելութեան, որուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ ամերիկեան ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ճօ Զիֆի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակը զինելու, յատկապէս Լիբանան-Սուրիա սահմանին հսկող բանակի սահմանապահ ուժերը զինելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ զինուորական փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Զօր. Աուն իր հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն...

Հարիրի Ցաւակցագիր Մը  Յղեց Սիսիին

Հարիրի Ցաւակցագիր Մը Յղեց Սիսիին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ցաւակցագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին` խստիւ դատապարտելով Ուահաթի մէջ վերջերս եգիպտական բանակը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական գործողութիւնները: Հարիրի հաստատեց, որ նման գործողութիւններ կը խախտեն Եգիպտոսի ապահովական կայունութիւնը` մաղթելով, որ Եգիպտոս յաղթական դուրս կու գայ ահաբեկչութեան դէմ իր յայտարարած պատերազմէն: Վարչապետ Հարիրի ցաւակցութիւն յայտնեց եգիպտացի բանակայիններուն նահատակութեան համար եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:    

Page 695 of 987 1 … 694 695 696 … 987

Արխիւներ