Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երկրագործութեան եւ զբօսաշրջութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ եւ երեսփոխաններ Ժիլպերթ Զուէյն, Սելիմ Քարամ, Ապպաս Հաշեմ եւ Քասեմ Ապտել Ազիզ:
Հանդիպումին ընթացքին Ա. Կիտանեան զեկուցեց զբօսաշրջութեան մարզին մասին: Ան անդրադարձաւ այդ մարզին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական աշխատանքը զարգացնելու հոլովոյթին բախող խոչընդոտներուն:
Յանձնախումբը մաղթեց, որ նախարար Կիտանեան կը յաջողի լուծել զբօսաշրջութեան մարզի աշխատանքները արգելակող հարցերը, ինչպէս նաեւ այլ նախարարներու հետ գործակցիլ` լուծումներ գտնելու համար տիրող կացութեան:


