Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ մեկնարկը կատարեց արշաւի մը, որուն նպատակն է քաջալերել արտերկրի լիբանանցիները` մայիս 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան առիթով իրենց անունները արձանագրելու:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց հետեւեալ կայքը. www.diasporavote.mfa.gov.lb եւ հետեւեալ էփը` MOFA ONLINE, որպէսզի արտերկրի լիբանանցիները առցանց արձանագրութիւն կատարեն իրենց ապրած երկիրներուն մէջ գտնուող լիբանանեան դեսպանատուները կամ հիւպատոսարանները:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն մինչեւ 20 նոյեմբեր 2017 արձանագրելու իրենց անունները:


