Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այսօր սկսաւ Միացեալ Նահանգներ պաշտօնական իր այցելութեան, որուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ ամերիկեան ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ճօ Զիֆի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակը զինելու, յատկապէս Լիբանան-Սուրիա սահմանին հսկող բանակի սահմանապահ ուժերը զինելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ զինուորական փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Զօր. Աուն իր հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վերեւ մղուած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան մանրամասնութիւններուն:
Զօր. Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ ամերիկացի շարք մը այլ զինուորականներու հետ, որոնց պիտի ներկայացնէ լիբանանեան բանակին ծրագիրն ու մարտավարութիւնը` տապալելու համար ՏԱՀԵՇ-ը:
Պէտք է աւելցնել, որ զօր. Աուն Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ նաեւ «Ծայրայեղութեան դէմ պայքար» նիւթով խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին ներկայացուց ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը`
անդրադառնալով լիբանանեան բանակին մղած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան, որուն ընթացքին օգտագործուած էին ամերիկեան օդանաւեր` ճշդելու համար ահաբեկիչներուն դիրքերը եւ հարուածելու զանոնք:
Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին, զօր. Աուն Փենթակոնի մէջ պիտի ունենայ շարք մը հանդիպումներ` աշխուժացնելու համար Լիբանանին կատարուելիք զինուորական օժանդակութիւնը, յատկապէս քննարկելով բանակին յանձնուելիք «Սուփըր Թոքանօ» տիպի ամերիկեան օդանաւերուն եւ «Էմ. 2 Էյ. 2 Պրետլի» տիպի հրասայլերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նշենք, որ վերջին տարիներուն ընթացքին լիբանանեան բանակին կատարուած զինուորական օժանդակութիւնները մեծաւ մասամբ ամերիկեան արտադրութիւններ էին եւ հիմնականին մէջ այնպիսի զէնքեր, որոնք Իսրայէլի ապահովութեան վնաս չէին կրնար հասցնել, այսինքն` բանակը Ուաշինկթընէն ծանր հրթիռներ եւ կործանիչներ չէր ստացած:


