Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ բոլորին համար ծանօթ են սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքները Լիբանանի վրայ, եւ այս ծիրին մէջ պահանջեց աշխուժացնել սուրիացի տեղահանուածներու տագնապի լուծման համար կազմուած նախարարական յանձնախումբին աշխատանքները:
Միւս կողմէ, Ժրայսաթի ընդգծեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութիւնը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն, նոր նուաճում մըն է, որ կը պարտին նոր իշխանութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարին:
Անդրադառնալով 2017-ի պետական ամավարկի վաւերացումին` Ժրայսաթի նշեց, որ անիկա իշխանութեան խոստմնալից իրագործումներէն է` աւելցնելով սակայն, որ 2018-ի պետական ամավարկը պէտք է բովանդակէ լիբանանեան պետութեան տնտեսական պատկերացումը:


