Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասմար. «Պիտի Շարունակենք Պահանջել Սեփական Մարզի Աշխատավարձի Յաւելումը»

October 25, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ երբ աշխատավարձի յաւելում կը պահանջէին, ի մտի ունէին սեփական մարզը, որովհետեւ աշխատավարձի յաւելումներուն պատճառով պարտադրուած տուրքերէն տուժողները լիբանանցիներն են եւ յատկապէս սեփական մարզի աշխատաւորները:

Ասմար ընդգծեց, որ աշխատավարձի յաւելումը կը ներառէ լիբանանցիներուն մէկ երրորդը, այսինքն` 300 հազար քաղաքացի, մինչդեռ սեփական մարզի աշխատաւորներուն թիւը կը հասնի 900 հազարի:

«Հետեւաբար մենք մնայուն կերպով պիտի շարունակենք պահանջել սեփական մարզի աշխատավարձի յաւելումը», հաստատեց Ասմար:

Ան ընդգծեց, որ այս հարցով կը զբաղի ապրուստի սղաճի համեմատութիւնը ճշդող յանձնախումբը, որուն նախագահն է աշխատանքի նախարարը, որ իր կարգին պէտք է յանձնախումբը հրաւիրէ ժողովի: «Սակայն այս յանձնախումբը, որուն նիստերը յաճախ պէտք է գումարուին, 2012-էն ի վեր նիստ չէ գումարած եւ սեփական մարզի աշխատավարձի յաւելումի կարելիութիւնները չէ քննարկած», ըսաւ Ասմար:

Ան հաստատեց, որ սեփական մարզի աշխատավարձի յաւելումը պիտի վաւերացուի, որովհետեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնն ու աշխատաւորները ատիկա կը պահանջեն:

Ապտալլա. «Նուազագոյն Աշխատավարձը Պէտք Է Բարձրացնել 1.200.000 Լ. Ոսկիի»

Երէկ երեկոյեան Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ տեղի ունեցան շարք մը բողոքի նստացոյցեր, որոնց մասնակցեցան աշխատաւորներ, ուսուցիչներ, աշխատանքէն անարդար կերպով արձակուած անհատներ, ինչպէս նաեւ վարձուորներ:

Այս առիթով, Լիբանանի մէջ աշխատաւորներու եւ պաշտօնեաներու սենտիքաներու ազգային համադաշնակցութեան նախագահ Քասթրօ Ապտալլա կոչ ուղղեց նուազագոյն աշխատավարձը բարձրացնելու 1.200.000 լ. ոսկիի, յետնեալ վճարումներով:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ ջնջելու անուղղակի տուրքերը, հաստատելու բոլոր լիբանանցիներուն համար բուժման ծառայութեան դրութիւն մը, պահպանելու ընկերային ապահովագրութեան սնտուկն ու բարելաւելու անոր ծառայութիւնները:

 

Նախորդը

Նաժարի Մեծարեց Ապպաս Իպրահիմը

Յաջորդը

Անուններու Արձանագրութեան Իմաստով Արտերկրի Լիբանանցիները Քաջալերելու Արշաւին Մեկնարկը Կատարուեցաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.