Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ինք պատրաստ է տեղահանուածներու հարցով Սուրիոյ հետ աշխատանքները համադրելու, եթէ կառավարութիւնը իրեն վստահի այդ պարտականութիւնը:
Հարցազրոյցի մը ընթացքին Իպրահիմ յայտնեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու անցարգելներուն մօտ ապահովական միջոցառումները խստացած են, յատկապէս Մասնայի սահմանին վրայ` Լիբանան մուտք գործող սուրիացիներուն պարագային:
Ան շեշտեց, որ սուրիացիներուն Լիբանան մուտք գործելու պարագային միջոցառումները շատ խիստ են, իսկ Սուրիա վերադառնալ ուզող սուրիացի քաղաքացիներուն պարագային շարք մը դիւրութիւններ կը յատկացուին:
Նշենք, որ «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, Ապպաս Իպրահիմ երէկ պիտի այցելէր Դամասկոս` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ բոլոր առկախ թղթածրարները:


