Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրին եւ համալսարանի ակադեմական հարցերու ներկայացուցիչ Մոհամետ Հարաժլին:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհաւորեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը, որ շրջանին մէջ գտնուող հազար արաբական համալսարաններուն մէջ լաւագոյնը ընտրուած էր` համալսարաններու «Քիւ. Էս.» համաշխարհային դասաւորման ծրագիրին կողմէ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց ուսման մակարդակը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ուսման մակարդակը մնայուն կերպով եղած է Լիբանանը իւրայատուկ դարձնող յատկանիշներէն մէկը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներքին լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական նոր օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ նախագահ Աուն ընդգծած է, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին:
Նշենք, որ ուրբաթ, 27 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, նախագահ Աուն անձամբ պիտի մասնակցի դատական իշխանութեան 2017-2018 տարեշրջանի բացման պաշտօնական արարողութեան:
Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աունի կողքին ներկայ գտնուին նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, ինչպէս նաեւ շարք մը պետական անձնաւորութիւններ եւ դատական մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Այս առիթով նախագահ Աուն պիտի արտասանէ խօսք մը, որ կը վերաբերի Լիբանանի ներքին եւ արտաքին կացութիւններուն:
Նշենք, որ եօթը տարիէ ի վեր դատական իշխանութիւնները իրենց դատական տարեշրջանը նման պաշտօնական ձեռնարկով մը չեն սկսած:


