Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ ինք շատ աւելի նուաճումներ եւ իրագործումներ կ՛ակնկալէր հանրապետութեան հզօր նախագահին իշխանութեան առաջին տարիէն:
Ան խստիւ դատապարտեց նշանակումներու եղանակը, «կարծէք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Ֆրենժիէի համակիր ոեւէ քրիստոնեայ պատասխանատուի փոխարէն այլ քրիստոնեայ մը նշանակելով կացութիւնը կը բարելաւուի», ըսաւ ան:
Ֆրենժիէ նշեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի վարուելակերպը աւելի վատ է, քան ինչ կը պատահէր Ղազի Քանաանի օրով:
Այս կեցուածքներուն զուգահեռ, Ֆրենժիէ զօրակցութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ռազմավարական քաղաքականութեան` նշելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնները կրնան բարելաւուիլ Հըզպալլայի երաշխիքով:
«Սակայն իմ գնահատումս այն է, թէ Պասիլի ջանքերուն շնորհիւ Ժահժահի հետ հանդիպումս նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ առաջ կը նախատեսեմ», յայտնեց Ֆրենժիէ:


