Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայէլ Անհրաժեշտ Կը Նկատէ ՄԱԿ-ի Հովանաւորութեամբ Կազմակերպել Տեղահանուածներուն Տունդարձը

October 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ նախանցեալ օր Սայֆիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ իբրեւ լիբանանեան քաղաքական ընդդիմադիր կողմ` Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեցուածքները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի արձանագրուած սահմանադրական խախտումներուն:

Ժեմայէլ եւ Լասըն ընդգծեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Անոնք քննարկեցին նաեւ շրջանին մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակը եւ լիբանանեան ներքին քաղաքական կեանքին վրայ անոր ունեցած հետեւանքները:

Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը, որուն շրջագիծին մէջ Ժեմայէլ անհրաժեշտ նկատեց ՄԱԿ-ի եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու հովանաւորութեամբ կազմակերպել սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը:

Նշենք, որ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան կը փափաքի Ռուսիոյ հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդել: Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը կրցած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով իր կարողութիւնները փաստել` աւելցնելով, որ Լիբանան կը մաղթէ, որ լիբանանեան բանակին տրամադրուած ռուսական զինուորական օժանդակութիւնը շարունակուի աւելի լուրջ թափով:

Ժեմայէլ նշեց, որ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները միշտ հեզասահ եղած են, հաստատելով, որ Լիբանան կը գիտակցի իր ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան նկատմամբ Մոսկուայի յանձնառութեան:

Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժեմայէլ ընդգծեց, որ այդ թղթածրարը իրենց համար լուրջ հարց է` շեշտելով, որ Ռուսիա այդ իմաստով կրնայ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ միջնորդի դերակատարութիւն ունենալ:

 

Նախորդը

«Թրքական Բռնագրաւող Բանակին Իտլիպէն Հեռացումը Կը Պահանջենք» Ըսաւ Մըքտատ

Յաջորդը

Ֆրենժիէ. «Պասիլի Ջանքերուն Շնորհիւ Ժահժահի Հետ Հանդիպումս Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպելէ Առաջ Կը Նախատեսեմ»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.