Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաժարի Մեծարեց Ապպաս Իպրահիմը

October 25, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի երկուշաբթի գիշեր մեծարեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:

Մեծարանքի երեկոյին հրաւիրուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէ, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործակատար Ուալիտ Պուխարի, նախկին նախարար Ռեմոն Արայժի, դեսպաններ Թրէյսի Շամուն եւ Ղատա Խուրի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի, Ազգային լրատու գործակալութեան տնօրէն Լոր Սլէյման – Սաապ եւ շարք մը այլ անձնաւորութիւններ:

Այս առիթով Նաժարի շեշտեց, որ Ապպաս Իպրահիմի ներկայութիւնը երաշխիք է երկրին պետական հաստատութիւններուն հեզասահ դերակատարութեան:

Նաժարի բարձր գնահատեց Իպրահիմի ջանքերը, որոնք կը վայելեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութիւնը:

«Ապպաս Իպրահիմ ճիգ չի խնայեր պահպանելու երկրին ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, իսկ շրջանային տագնապալի իրավիճակին զուգահեռ ան` ներքին գործոց նախարարութեան զօրակցութեամբ, կրցաւ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը», ըսաւ ան:

Նաժարի իր խօսքը ուղղելով Իպրահիմին ըսաւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն իրագործած իրերայաջորդ նուաճումներուն շնորհիւ Լիբանանի մէջ իրենք ապահով կը զգան: «Լիբանանի վայելած ապահովական կայունութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ երկրին զբօսաշրջական մարզին բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ պիտի քաջալերէ Լիբանանի մէջ յաւելեալ ներդրումներ կատարելու», նշեց ան:

Նաժարի գնահատեց նաեւ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնն ու զոհողութիւնները` Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով:

Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթով: Ան յայտնեց, թէ իրեն համար պատիւ է, որ Լիբանանի հետ պատմական յարաբերութիւններ ունեցող, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ իր կշիռն ու քաղաքական եւ ռազմավարական իր դերակատարութիւնը ունեցող երկրին` Եգիպտոսի կողմէ մեծարուի:

Իպրահիմ մաղթեց, որ Եգիպտոս ամէն իմաստով վերստանձնէ իր դերակատարութիւնը եւ վերահաստատէ «Աշխարհի մայրը» ըլլալու իր հանգամանքը:

«Իսրայէլի դէմ յաղթանակը Եգիպտոսի շնորհիւ էր, ինչպէս նաեւ իսլամական չափաւորականութիւնը Եգիպտոսի շնորհիւ էր: Ան արաբական լուսաւոր քաղաքակրթութեան կողմնացոյցն է, ինչպէս նաեւ միջարաբական, յատկապէս միջպաղեստինեան հաշտութիւնը հովանաւորողը: Հետեւաբար Եգիպտոս աշխուժ եւ իւրայատուկ դերակատարութիւն ունի կատարելիք արաբական երկիրներու խաղաղութեան ի խնդիր», հաստատեց Իպրահիմ:

Նախորդը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Պաշիր Ժեմայէլը Սպաննող Յանցագործին Դէմ Արձակուած Մահապատիժին Գործադրութիւնը

Յաջորդը

Ասմար. «Պիտի Շարունակենք Պահանջել Սեփական Մարզի Աշխատավարձի Յաւելումը»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.