ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ գործակցութիւնը` ընդգծելով ելեւմտական կացութեան կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի ըսաւ. «Անկարելի է, որ Լիբանան տեղահանուածներու թղթածրարին բեռը առանձին կրէ»:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ ընդգծեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ քարիւղի պեղումներ կատարած օտար ընկերութիւններուն կողմէ վճարուած գումարները, որոնք 135 միլիոն տոլարի հասած են, պահ դրուած են Կեդրոնական դրամատան մէջ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէն: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարար Ռոնի Արայժի, Թոնի Ֆրենժիէ եւ Ժան Պութրոս:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ իր խօսքը ուղղելով Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին յայտնեց, որ բոլորը Լիբանանէն իրենց ձեռքերը պէտք է հեռացնեն եւ լիբանանցիները ազատ ձգեն` իրենց ճակատագիրը տնօրինելու:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգին հետ քաղաքական հաշտութիւնը մերժելի է եւ երբեք պիտի չյաջողի:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ կոչ ուղղեց պետական գանձարկղին հաշիւներուն հսկելու, ինչպէս նաեւ տուրքերու դրութիւնը հետապնդելու:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին: Ան նշեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը: Մուսա հաստատեց, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի սկսի քննարկել 2018-ի պետական ամավարկը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի ընդգծեց, որ սուրիական վարչակարգը գոյութիւն ունեցող վարչակարգ մըն է, որուն հետ պէտք է համաձայնիլ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իր նախարարներով կառավարութեան մաս չէ կազմած` աւելի ուշ անկէ հրաժարելու նպատակով: «Մենք մեր սկզբունքներէն չենք զիջիր», հաստատեց Մաալուֆ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի խստիւ դատապարտեց Լիբանանի հասցէին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի յայտարարութիւնը` շեշտելով, որ այդ գծով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի լռութիւնը լիբանանեան պետութեան համար ամօթալի է եւ մերժելի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական որոշ ուժեր չեն յանձներ իրենց զէնքը եւ կը փափաքին իւրացնել երկրին պետական որոշումները:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Պասսամ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ կառավարութենէն հրաժարելու մասին սպառնալիքները նախընտրական հաշիւներ կը հետապնդեն: