Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք Քարտելի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախապատրաստութիւնները

Յունուար 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Պըրնելլա Տէյլըր Քարտել երէկ հանդիպում մը ունեցած է ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի հետ: Քննարկուած են մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններն ու անոնց նախապատրաստութիւնները:

Քարտել ողջունած է Մաշնուքի աշխատանքը` երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը երաշխաւորելու իմաստով, ինչպէս նաեւ դրուատած է անցեալ շաբթուան նիստին ընթացքին կառավարութեան կողմէ  երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու նպատակով յատուկ գումարի վաւերացումը:

Քարտել նշած է, թէ ՄԱԿ կը փափաքի, որ Լիբանանի մէջ խաղաղ եւ թափանցիկ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարուին: «Երեսփոխանական ընտրութիւնները կարեւոր են, որպէսզի լիբանանցիները իրենց երկրին ապագային իմաստով իրենց խօսքը ըսեն` պահպանելով երկրին ժողովրդավարական աւանդութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը», ըսած է Քարտել:

Ան ընդգծած է, որ ՄԱԿ պիտի շարունակէ ընտրութիւններու կազմակերպումին թեքնիք օժանդակութիւն ներկայացնել` բարձր գնահատելով լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ջանքերը` երկրին անդորրն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու առումով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ապահովական օժանդակութեան նպատակով Իտալիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ասմար. «Սեփական Մարզի Աշխատաւորներուն Աշխատավարձերը Սրբագրելու Արշաւը Սկսած Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?