Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Պաշտօնեաները  Վերջ Տուին Իրենց Նստացոյցին` Անոնց Աշխատավարձին  Շուրջ Գոյացած Համաձայնութեան Լոյսին Տակ

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Պաշտօնեաները Վերջ Տուին Իրենց Նստացոյցին` Անոնց Աշխատավարձին Շուրջ Գոյացած Համաձայնութեան Լոյսին Տակ

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ կէսօրէ ետք նախարարութեան կեդրոնին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար: Աւելի քան չորս ժամ տեւած նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաներուն աշխատավարձի թղթածրարը: Մերթ հանդարտ եւ մերթ փոթորկոտ քննարկումներէն ետք պատասխանատուները կրցան յանգիլ համաձայնութեան մը, որ բոլոր կողմերը...

Միքաթի Եաագուպի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան- Սէուտական Յարաբերութիւնները

Միքաթի Եաագուպի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան- Սէուտական Յարաբերութիւնները

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները: Միքաթի յաջողութիւն մաղթեց Եաագուպի Լիբանան այցելութեան եւ ստանձնած պաշտօնին առիթով` յոյս յայտնելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդուին եւ կը ծառայեն Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ շահերուն իրականացման: Միքաթի ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ արաբական երկիրներուն...

Մաշնուք Նախագահեց Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Վերահսկող Խորհուրդի Նիստին

Մաշնուք Նախագահեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերահսկող Խորհուրդի Նիստին

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերահսկող խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ան խորհուրդին ներկայացուց կատարուելիք աշխատանքը, ինչպէս նաեւ խորհուրդին եւ նախարարութեան միջեւ գործակցութեան եղանակները: Մաշնուք հաստատեց խորհուրդին դերակատարութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդելու իմաստով: Միւս կողմէ, Մաշնուք ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ  Լիբանանցիներուն Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Պատրաստուելու

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցիներուն Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պատրաստուելու

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, Ժեմայէլ երէկ նախագահեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին լիբանանեան իշխանութիւնները պատասխանատու նկատեց երկիրը մութի մատնելու յանցանքին: «Ըստ երեւոյթին այդ հարցին լուծումը արագացնելու իմաստով տրուած ամառնային խոստումները քաղաքացիներուն ելեկտրականութիւն ապահովելու խնդիրին չէին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ իրենք ոչ ոքի հետ մրցակցելու հոգեբանութեան մէջ կը գտնուին: Ան աւելցուց, որ իրենք տէր կը կանգնին իրենց սահմանադրական իրաւունքներուն: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած անտեսումի քաղաքականութեան մասին: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարը տեղեկատուութեան մարզին մէջ արծարծելը կրնայ յաւելեալ բարդութիւններ ստեղծել:...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 8 յունուար 2018-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 9 յունուար 2018-ին:

Պքերքէի Մէջ .  Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Լիբանանցիները` Հաստատելով Դատական Իշխանութիւններուն Հանդէպ Յարգանքի Կարեւորութիւնը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Սպաներու Աստիճանի Բարձրացումին Թղթածրարը Վերադարձնելու Ալի Հասան Խալիլին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շեշտեց, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին լուծումը ինք առաջարկած է` աւելցնելով, որ այդ լուծումը կը կայանայ սպաներու աստիճանի բարձրացումին թղթածրարը ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլին յղելու եւ անոր կողմէ ստացուելիք վաւերացումին մէջ: Իր այցելուներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ այդ հարցը քաղաքական է` աւելցնելով, որ Թաէֆի համաձայնագիրին նպատակը այն է, որ լիբանանեան պետութեան...

Մաշնուք Ողջունեց Ապահովութեան  Ուժերուն Ջանքերը

Մաշնուք Ողջունեց Ապահովութեան Ուժերուն Ջանքերը

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը եւ անոր ընկերակցող սպաներու պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք շնորհաւորեց ապահովութեան ուժերը` բարձր գնահատելով անոնց ջանքերը երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով: Մաշնուք շեշտեց, որ տօնական օրերուն ընթացքին ամբողջ Լիբանանի տարածքին 25 հազար ոստիկան գետնի վրայ աշխատած է` հակակշիռի տակ պահելու...

Վարչապետ Հարիրի Ցաւակցութիւն Յայտնեց  «Այթանի» Շէնքի Հրդեհին  Պատճառած Զոհերու Ընտանիքներուն

Վարչապետ Հարիրի Ցաւակցութիւն Յայտնեց «Այթանի» Շէնքի Հրդեհին Պատճառած Զոհերու Ընտանիքներուն

Վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ կէս գիշերին ուղղուեցաւ Զէյտանիէ շրջան, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց «Այթանի» շէնքին հրդեհին պատճառած զոհերու ընտանիքներուն: Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարի, որ վարչապետին հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Հարիրիի այցելեցին...

Անձրեւները Պիտի Շարունակուին,  Իսկ 1100 Մեթր Բարձրութեան Վրայ Պիտի Ձիւնէ

Անձրեւները Պիտի Շարունակուին, Իսկ 1100 Մեթր Բարձրութեան Վրայ Պիտի Ձիւնէ

Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ Լիբանանի մէջ անձրեւներն ու ցուրտի ալիքը պիտի շարունակուին մինչեւ այս գիշեր: Ըստ օդերեւութաբանական գրասենեակին, վաղը երեկոյեան առատ անձրեւ պիտի տեղայ, իսկ ծովու մակերեսէն 1100 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ: Չորեքշաբթի օրուան նախատեսումներուն համաձայն, 1100 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ: Ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներէն պահանջեցին, որ լեռնային շրջաններուն մէջ ձիւնելէ ետք, անոնք հետեւին իրենց ցուցմունքներուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փտածութեան դէմ պայքարի նախարար Նիքոլա Թուէյնին, ինչպէս նաեւ Վենեզուելայի մէջ Լիբանանի դեսպան Էլիաս Լըպպոսը: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը վարպետ է միայն տուրքեր պարտադրելու եւ ժողովուրդը աղքատացնելու մէջ: Ան նշեց, որ նախարարաց խորհուրդը վերածուած է վարչական խորհուրդի մը, որ երկրին գերիշխանական որոշումներուն ու արտաքին յարաբերութիւններուն վերաբերող...

Կառավարութիւնը 50 Միլիառ Լ. Ոսկիի Գումար Մը  Յատկացուց Ներքին Գործոց Նախարարութեան`  Կազմակերպելու Համար Երեսփոխանական Ընտրութիւնները

Կառավարութիւնը 50 Միլիառ Լ. Ոսկիի Գումար Մը Յատկացուց Ներքին Գործոց Նախարարութեան` Կազմակերպելու Համար Երեսփոխանական Ընտրութիւնները

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Նախքան նիստին գումարուիլը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը: Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին 50 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը յատկացուց ներքին գործոց նախարարութեան` կազմակերպելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շնորհաւորեց հայկական Ս. Ծնունդը, ինչպէս նաեւ ողջունեց բանակն ու...

Համատէ Շնորհաւորեց Պաքալորէայի  Պետական Քննութիւններուն  Յաջողած Աշակերտները

Համատէ Կոչ Ուղղեց Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Դպրոցները Փակ Պահելու

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ կոչ ուղղեց բոլոր դպրոցներուն` պետական եւ սեփական, յանձնառու մնալու վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրապարակած հրամանագիրին, ըստ որուն հայկական Ս. Ծննդեան պաշտօնական տօնին առիթով պետական եւ հանրային բոլոր հաստատութիւններն ու դպրոցները պէտք է փակ մնան շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին: Միւս կողմէ, Համատէ շնորհաւորեց բոլոր ուսուցիչները` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, մաղթելով, որ անոնք...

Մարսել Ղանեմի Դատավարութիւնը  Յետաձգուեցաւ 2 Փետրուարին

Մարսել Ղանեմի Դատավարութիւնը Յետաձգուեցաւ 2 Փետրուարին

Լեռնալիբանանի աւագ քննիչ դատախազ Նիքոլա Մանսուր երէկ Պաապտայի Արդարութեան պալատին մէջ լսեց «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավար Մարսել Ղանեմի վկայութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդունեց Ղանեմի պաշտպան փաստաբան, երեսփոխան Պութրոս Հարպի ներկայացուցած պաշտպանութիւնը: Ապա դատավարութեան նիստը յետաձգուեցաւ 2 փետրուարին: Նշենք, որ դատավարութեան նիստին զուգահեռ Արդարութեան պալատին դիմաց տեղի ունեցաւ Ղանեմի զօրակցութեան նստացոյց, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, կրթութեան...

Բանակը Արսալի Մէջ Որդեգրած  Իր Ապահովական Միջոցառումները  Փոփոխութեան Պիտի Չենթարկէ

Բանակը Ձերբակալեց Հիւսէյն Հուժէյրին

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը ձերբակալած է Հիւսէյն Հուժէյրին, որ ծանօթ է Ժամալ Հալլիս անունով: Բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, Հուժէյրի բանակին դէմ Արսալի կռիւին մասնակցած է 2014-ին: Հալլիսը ձերբակալելու ընթացքին բանակի շրջուն ջոկատը ենթարկուած է կրակոցի, որուն պատճառով բանակային մը թեթեւօրէն վիրաւորուած է:

Ապպաս Իպրահիմ Մարոթթիի Հետ Քննարկեց  Գործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

Ապպաս Իպրահիմ Մարոթթիի Հետ Քննարկեց Գործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իտալական դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները: Իպրահիմի այցելեց նաեւ Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր: Քննարկուեցան երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Իպրահիմ շնորհաւորեց Տահերի ստանձնած դեսպանի պաշտօնը եւ յաջողութիւն...

Ժահժահ. «Անկեղծօրէն, Մասնակի  Ընտրութիւններով Խանդավառ Չենք»

Ժահժահ. «Սէյիտ Նասրալլա Կը Խօսի Եւ Կը Վարուի Այնպէս, Որ Կարծէք Լիբանանեան Պետութիւն Գոյութիւն Չունի»

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ նախանցեալ օր Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հարցազրոյցին եւ անոր ընթացքին վերջինիս կատարած յայտարարութիւններուն: Ժահժահ նշեց, որ իրեն համար ուշագրաւ եղած է այն իրողութիւնը, որ սէյիտ Նասրալլա կը խօսի եւ կը վարուի այնպէս, որ կարծէք լիբանանեան պետութիւն գոյութիւն չունի: Ժահժահ շեշտեց, որ բոլորին համար յստակ է,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպը: Քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններն ու շրջանային զարգացումները: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ սահմանադրութեան կառչածութիւնը կը կազմէ յաջորդ փուլին...

Պըրրի Ընդգծեց Երուսաղէմին Եւ Պաղեստինին  Զօրակցելու Անհրաժեշտութիւնը

Պըրրի Ընդգծեց Երուսաղէմին Եւ Պաղեստինին Զօրակցելու Անհրաժեշտութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իր ցուցմունքները տուաւ խորհրդարանին շրջակայքը գտնուող մուտքերը բանալու, որպէսզի անցորդները կարենան օգտագործել այդ ճամբաները: Ան կոչ ուղղեց առեւտրական հաստատութիւններուն, ճաշարաններուն, պանդոկներուն ու գրասենեակներուն վերադառնալու եւ վերստանձնելու իրենց աշխատանքները: Պըրրի նախագահեց նաեւ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներու աստիճանի բարձրացման թղթածրարը տեղքայլի մէջ է` աւելցնելով, որ պէտք է կառչած մնալ օրէնքներուն,...

Page 679 of 987 1 … 678 679 680 … 987

Արխիւներ