Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յունուարի Աւարտին Նախագահական Պալատէն Պիտի Յայտարարենք 2018-ի Կրօնական Զբօսաշրջութեան Ծրագիրը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յունուար 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Լը Կրէյ» պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան բնագաւառի պատասխանատուներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան զբօսաշրջութեան սեփական մարզը ներառեց Լիբանանի զբօսաշրջութեան բնագաւառի բարելաւման ռազմավարութեան մէջ:

Այս առիթով «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան նախագահ Նետիմ Ժորժ Ֆրէյհա արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ նոր շուկաներ բանալու կարելիութեան:

Ապա խօսք առաւ նախարար Կիտանեան, որ յայտնեց, թէ նախորդ ամիսներուն ընթացքին զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը մշակած է յաջորդ ամիսներուն ընթացքին գործադրուելիք զբօսաշրջական ռազմավարութիւնը:

Ա. Կիտանեան նշեց, որ 2018-ին դէպի Լիբանան ճամբորդութիւններ կազմակերպող կամ Լիբանանի մէջ խորհրդաժողովներ կազմակերպող պատասխանատուներուն հետ ուղղակի հաղորդակցութիւններուն ընթացքին նշմարած է, թէ կարգ մը երկիրներու պարագային մարդիկ կը խուսափին Լիբանան այցելելէ` հիմնուելով անհիմն ու անճիշդ տեղեկութիւններու եւ զգուշացումներու վրայ: «Հետեւաբար, այս մտահոգութենէն մեկնելով, արտաքին գործոց նախարարութեան հետ գործակցաբար պատրաստած ենք գիր մը, որ պիտի յղենք Լիբանանի մէջ այդ երկիրներուն դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի դեսպաններուն` անոնցմէ պահանջելով, որ արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով յստակ բացատրութիւններ տան այդ երկիրներուն, որպէսզի իմանան, թէ Լիբանան այցելելու իմաստով ոչ մէկ զգուշացում կայ», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ ինք կառավարութեան նիստին ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրիին շնորհակալութիւն յայտնած է Կեդրոնական Պէյրութի մէջ Կաղանդի գիշերուան տօնակատարութիւնը կազմակերպելու առիթով: Ան նշեց, որ շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` խորհրդարանին շրջակայքը փակուած փողոցները բանալու որոշումին առիթով:

Նախարար Կիտանեան յայտնեց նաեւ, որ տեղեկատուական մարզէն խնդրած է օժանդակել զբօսաշրջութեան նախարարութեան` Լիբանանը դրական պատկերով ներկայացնելու առումով, աւելցնելով, որ այս իմաստով տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի խոստացած է հանդիպում մը կազմակերպել նախարար Կիտանեանի եւ լրատուամիջոցներուն միջեւ` պարզելու համար այս կեցուածքներն ու գաղափարները:

«Յունուարի աւարտին նախագահական պալատէն պիտի յայտարարենք 2018-ի կրօնական զբօսաշրջութեան ծրագիրը` հանրապետութեան նախագահին հաւանութենէն ետք եւ անոր հովանաւորութեամբ», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Լիբանան պիտի մասնակցի Մատրիտի մէջ տեղի ունենալիք ճամբորդական եւ զբօսաշրջական ցուցահանդէսին` Լիբանանը զբօսաշրջութեան միջազգային քարտէսին վրայ զետեղելու նպատակով:

Նախարար Կիտանեան անդրադարձաւ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ Լիբանան այցելութեան դժուարութիւններուն` նկատել տալով, որ Պրազիլի պարագային հիմնական դժուարութիւնը Լիբանան-Պրազիլ ուղղակի թռիչքի գոյութիւն չունենալն է, եւ այլ թռիչքներով գալու պարագային ճամբորդական տոմսի սուղ ըլլալը:

«Այս առումով քննարկումներ կատարեցինք տարբեր օդանաւային ընկերութիւններու հետ, որոնցմէ ամէնէն մատչելի գինը առաջարկուեցաւ Մարոքի օդանաւային ընկերութեան կողմէ, որ խոստացաւ մինչեւ մարտ ամսուան աւարտը ճամբորդական տոմսը շուրջ 800 տոլար արժողութեամբ տրամադրել, մինչեւ որ կարելի ըլլայ Լիբանան-Պրազիլ ուղղակի թռիչքներու սկսիլ:

«Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան խորհրդաժողովին մասին խօսելով` Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ այդ խորհրդաժողովին օրը ճշդուած է 10 մայիսը, երբ երեսփոխանական ընտրութիւնները աւարտած կ՛ըլլան եւ ռամատանը տակաւին սկսած չ՛ըլլար:

Նախարար Կիտանեան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով զբօսաշրջական նոր շուկայի գոյութեան եւ զբօսաշրջութեան բազմազանութեան կարեւորութիւնը:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Այսօր Մեր Դիմագրաւած Կարեւորագոյն Հարցը Փտածութիւնն Է»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին Դրամական Եւ Տնտեսական Իրավիճակը

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?