Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանաւարտ Սպաներու Հարց. Նախագահ Աուն Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ Համաձայն Գտնուելու Դատական Իշխանութիւններուն Կարծիքին

Յունուար 9, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ընդգծուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառութիւն կը յայտնէ համաձայն գտնուելու դատական իշխանութիւններուն կարծիքին` շրջանաւարտ սպաներուն մասին իր հրապարակած շրջաբերականին վերաբերեալ:

Նախագահ Աուն նշեց, որ դատական իշխանութիւնները միակ առողջ հեղինակութիւնն են ճշդելու, թէ շրջաբերականները օրինակա՞ն են, թէ՞ ոչ:

Նոյն հաղորդագրութեամբ նախագահ Աուն մաղթեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարին կապուած տեղեկութիւնները եւ բարդութիւնները լիբանանեան մամուլին եւ լրատուամիջոցներուն մէջ չտողանցեն, եւ այդ մասին դատական իշխանութիւնները իրենց վերջին խօսքը ըսեն:

Նախագահական պալատի հաղորդագրութեան պատասխան- հաղորդագրութիւն մը հրապարակուեցաւ Այն Թինէէն, այսինքն` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մամլոյ գրասենեակէն:

Հաղորդագրութեան մէջ դարձեալ փափաք յայտնուեցաւ շրջանաւարտ սպաներու հարցին վերջ տալու` հաստատելով հանդերձ, որ այդ իմաստով հրապարակուած շրջաբերականը հակասահմանադրական է ու ապօրինի, եւ Պետական շուրային մօտ կարելի է զայն վիճարկել:

Հաղորդագրութեան մէջ հանրապետութեան նախագահութեան առաջարկուեցաւ, որ նուազագոյնը արձանագրուած սխալը սրբագրուի, եթէ կարելի չէ զայն չեղեալ նկատել:

Նախագահ Աուն Ընդունեց Մարթենը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միջազգային կարմիր խաչի նախագահ Քրիսթոֆ Մարթենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան Սուրիոյ պատերազմին պատասխանատուութիւնը չէ որ կը կրէ, այլ այդ պատերազին հետեւանքներուն: «Իսկ Սուրիոյ պատերազմին պատասխանատուութիւնը կը կրեն այն երկիրները, որոնք դիւրացուցած են պատերազմին բռնկումը եւ կամ մեղսակցած են այդ պատերազմին` առանց մէկուն հաշուետու ըլլալու», նշեց ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով Լիբանանի պահանջը` շեշտելով, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը պէտք է ըլլայ խաղաղ լուծում մը, որուն հիման վրայ ապահովական կայունութիւնը կարելի է վերադարձնել սուրիական հողերուն:

Իր կարգին, Մարթեն շեշտեց, որ Միջազգային կարմիր խաչը յստակ ծրագիրներ եւ չափանիշներ ճշդած է սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին առումով` աւելցնելով, որ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Լիբանան հասած տեղահանուածներուն 80 առ հարիւրը կը փափաքի վերադառնալ Սուրիա, երբ երկրին ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի:

Մարթեն նշեց, որ Սուրիա վերադարձած տեղահանուածներուն թիւը ցարդ 60 հազար է, ինչ որ տեղահանուածներու ընդհանուր թիւին մէկ առ հարիւրն է:

Մարթեն յայտնեց, որ սուրիացիներու տունդարձին վերաբերող Միջազգային կարմիր խաչի պատկերացումը պիտի ներկայացուի լիբանանցի բոլոր պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակող մեծ ու փոքր բոլոր պետութիւններուն:

 

Նախորդը

Իշխանութեան Երեք Պետերը Շնորհաւորեցին Հայկական Ս. Ծնունդը

Յաջորդը

«Հայ-Թրքական Սահմանին Վրայ Պատ Պիտի Չկառուցուի» Կ՛ըսէ Սոյլու

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?