Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիեշը: Այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս Պէյրութի միջազգային օդակայանի ընդարձակումի ծրագիրը քննարկեց Միջազգային դրամատան փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան հարցերու պատասխանատու Զիատ Նաքաթի հետ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ նաւթի արտահանումին համաձայնագիրները պիտի ստորագրուին ընթացիկ ամսուան աւարտին:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելը առաջնահերթութիւն է: Ան աւելցուց, որ մինչեւ ընտրութիւն երկարող ժամանակաշրջանը չ՛արտօներ, որ «մեկասենթըր» կառուցուի:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը խոչընդոտող լուրջ արգելքներ չկան:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ առաջնահերթութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին` 6 մայիսին կատարելն է, «եւ ասիկա մեզի համար միակ կարմիր գիծն է», աւելցուց ան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կառավարութեան հարց տուաւ 2018-ի պետական ամավարկը քննարկելու իմաստով անոր արձանագրած յապաղումին մասին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ 2018-ի պետական ամավարկի վաւերացումը առաջնահերթութիւն է: Ան աւելցուց, որ Լիբանանեան ուժերուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ անկեղծ զրոյցի մը կարիք կայ` շեշտելով, որ անոնց միջեւ մօտիկ ապագային հանդիպում մը պիտի կատարուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ կոչ ուղղեց վերջ տալու ընտրական օրէնքին եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու ճակատագիրին հետ կատարուած խաղերուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ ոչինչ կ՛արգիլէ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին` 6 մայիս 2018-ին կատարելը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ նաւթի եւ բնական կազի արտահանումը սկսելու առիթով օրէնսդրական աննախընթաց աշխատանք կը կատարուի:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան իմամ Մոհամետ Մեհտի Շամսէտտինի մահուան 17-րդ տարելիցին առիթով յայտնեց, թէ իրենք հաւատարիմ պիտի մնան անոր ուղեգիծին, որ իրականութեան մէջ Լիբանանի նկատմամբ հաւատարմութեան ուղեգիծն է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին ամուր դաշինքով մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իրենց առաջադրած թեկնածուն` Զիատ Հաուաթը Ժիպէյլի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆայսալ Քարամէ շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ ընտրական համաձայնութիւնը առկայ է` նոյն ընտրացանկին կամ տարբեր ընտրացանկերով ներկայանալու զոյգ պարագաներուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ սահմանադրութեան համաձայն, կառավարութեան մաս կազմող իւրաքանչիւր անհատ պէտք է երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրէ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ խախտեց Լիբանանի օդային սահմանները եւ լիբանանեան գերիշխանութիւնը` Նապաթիէի եւ Մերժահիունի վերեւ թռիչքներ գործելով:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէ ողջունեց շաբաթ, 27 յունուար 2018-ին, Թրիփոլիի մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Մարուան Ֆարեսը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի հիւպատոս Ժաուատ Նեպիլը: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` բարձր գնահատելով բանակին դերակատարութիւնը երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիին անվտանգութիւնը պաշտպանելու առումով:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը պատրաստուի առաջադրելու իր թեկնածուները եւ իր նախագահած երեսփոխանական պլոքին թիւը 14-էն 17 բարձրացնելու:

 

Նախորդը

Թունուզի Մէջ Տասնեակներով Վիրաւորներ Եւ 200 Ձերբակալեալներ

Յաջորդը

Մաշնուք Քարտելի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Նախապատրաստութիւնները

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?