Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ, Շուէտի եւ Քուէյթի դեսպաններուն հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս յայտնեց, որ քաղաքացիական օդանաւորդութեան սլաքավարի պաշտօնին համար Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին կազմակերպուած քննութիւններուն յաջողած է 125 հոգի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ ըստ Թաէֆի համաձայնագիրին, հանրապետութեան նախագահը հեղինակութիւն է, այլապէս պէտք է դիմել դատական իշխանութիւններուն` լուծելու համար հարցը կամ տարակարծութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է Լիբանանի կենսոլորտի ներկայ իրավիճակին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարը կը վարուի վարչապետի մը կամ հանրապետութեան նախագահի մը իշխանութեան իրաւասութիւնները ունենալու տրամադրութեամբ ու հանգամանքներով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Խազեն կոչ ուղղեց պատասխանատու հեղինակութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու վերահաստատումին եւ առանց յետին նպատակներու գործելակերպի վերստանձնումին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժերու կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը փտածութեան դէմ պայքարի ռահվիրաներէն է, եւ իշխանութեան մէջ անոր գոյութիւնը կը միտի բարեկարգումներ կատարել, պետութիւն հիմնել ու զայն զարգացնել, ինչպէս նաեւ վարչական աշխատանքները աշխուժացնել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ շրջանաւարտ սպաներու աստիճաններու բարձրացումի հարցին իմաստով պէտք է դիմել դատական իշխանութիւններուն:

ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպը, որուն հետ քննարկեց տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յատուկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներու հարցին լուծումը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի դաշտին վրայ կը գտնուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան դէմ իրենց ցուցաբերած ընդդիմութիւնը սահմանադրական եւ գերիշխանական սկզբունքներու վրայ հիմնուած է:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ան շրջանաւարտ սպաներու աստիճաններու բարձրացում շնորհող շրջաբերականը յետս կոչելու մտադրութիւն չունի, ինչպէս նաեւ կը մերժէ այդ շրջաբերականը հակասահմանադրական նկատել:

ՄԵՀՐԱՊԻ մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան  ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումին ժամկէտը հետզհետէ կը մօտենայ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի տակաւին կը մերժէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպելու ժամադրութիւն մը ճշդել:

 

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Ետ Մղեց Քաթիֆայի Դէմ Իսրայէլեան Երեք Յարձակումներ

Յաջորդը

Պասիլ. «Համախմբումը Պատրաստ Է Արագացնելու Պետական Ամավարկի Վաւերացումը, Պայմանով Որ Անիկա Բարեկարգումի Նշոյլներ Ցոյց Տայ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 6, 2026
Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին  Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն  Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին  Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»
Լիբանանեան

Ապտալլա. «Ելեւմտական Բացի Նախագիծին Եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն Ու Դրամատուներուն Միջեւ Տարակարծութիւնը Պահեստի Գումարի Ծաւալին Ու Ճգնաժամի Որակման Շուրջ Է»

January 5, 2026
Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ  Համասի Զէնքի Յանձնման`   Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն,  Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին  Յամառութեան Կը Հանդիպինք»
Գլխաւոր լուրեր

Անդրադառնալով Լիբանանի Մէջ Համասի Զէնքի Յանձնման` Տիմաշքիէ. «Հակառակ Թափուած Ջանքերուն, Հարցերը Տակաւին Չլուծուեցան, Եւ Տակաւին Յամառութեան Կը Հանդիպինք»

January 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.