Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց տնտեսական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան կողմէ գործադրուելիք տնտեսական ռազմավարութիւնը:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ռաէտ Խուրի, Աւետիս Կիտանեան, Ժըպրան Պասիլ, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Մարուան Համատէ եւ Սեզար Ապի Խալիլ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլէյֆել:
Նշենք, որ կառավարութիւնը այսօր վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 44 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: