Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին Դրամական Եւ Տնտեսական Իրավիճակը

January 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին դրամական եւ տնտեսական իրավիճակը:

Այս շրջագիծին մէջ Սալամէ նախագահ Աունին ըսաւ, թէ Լիբանանի ելեւմտական կացութիւնը բաւական լաւ վիճակի մէջ է` աւելցնելով, որ լիբանանեան թղթոսկին կայուն կը մնայ, իսկ Կեդրոնական դրամատունը կը շարունակէ որդեգրել այնպիսի միջոցառումներ, որոնք կը զօրակցին Լիբանանի ազգային տնտեսութեան:

Սալամէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ներդրումները քաջալերելու խորհրդաժողովը կազմակերպող արտաքին կողմերը մնայուն կապի մէջ են Կեդրոնական դրամատան հետ: «Գործակցութիւնը հեզասահ է` յաջողցնելու համար այդ խորհրդաժողովը, որուն վրայ լիբանանցիները մեծ յոյսեր դրած են», ըսաւ Սալամէ:

Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս եւ նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն: Անոնք նախագահին յանձնեցին հրաւէր մը` 9 փետրուարին Մար Մարունի տօնին առիթով մատուցուելիք պատարագին ներկայ գտնուելու:

Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ Պեքաայի եւ Լեռնալիբանանի նահանգապետեր Քամալ Ապու Ժաուտէ եւ Մոհամետ Մաքքաուի, որոնք նախագահ Աունէն ստացան շարք մը ցուցմունքներ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հեռագիր մը յղեց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին` շնորհաւորելով յորդանանեան ապահովական ուժերը` Յորդանանը հարուածելիք ահաբեկչական գործողութիւն մը կանխարգիլելու առիթով:

Նախագահ Աուն զօրակցութիւն յայտնեց Յորդանանին` խստիւ դատապարտելով ահաբեկչական որեւէ գործողութիւն:

 

 

Նախորդը

«Յունուարի Աւարտին Նախագահական Պալատէն Պիտի Յայտարարենք 2018-ի Կրօնական Զբօսաշրջութեան Ծրագիրը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Ընտրական Օրէնքի Գործադրութեան Եղանակի Քննարկման Յատուկ Նիստ

RelatedPosts

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի.  «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն  Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Տրիան Եւ Դեսպան Պուխարի. «Լիբանանի Փրկութիւնն Ու Կանգնումը Միայն Զէնքի Վերջնական Մենաշնորհումով Է»

January 20, 2026
Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներ

January 20, 2026
Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան  Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ
Լիբանանեան

Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Արաբ Նախարարներու Նիստը Աւարտեցաւ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.