Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին Եւ Ընտրական Նոր Օրէնքին Համաձայն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

January 11, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ֆրանսացի ծերակուտական Պրունօ Ռէօթայոն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունենալիք երեք խորհրդաժողովները կը միտին օժանդակել Լիբանանին եւ նեցուկ կանգնիլ անոր` տարբեր մարզերու մէջ:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունի միջազգային եւ շրջանային առումով:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ այդ խորհրդաժողովները կ՛արդիւնաւորուին շինիչ որոշումներով եւ գործնական միջոցառումներով, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան բանակն ու անոր ապահովութեան ուժերը հզօրացնել, երկրին տնտեսութիւնը ամրապնդել, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն ստեղծած քաոսին հետեւանքներուն դիմադրել:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին եւ ընտրական նոր օրէնքին համաձայն:

Իր կարգին, Ռէօթայօ անդրադարձաւ նախագահ Աունի որդեգրած կեցուածքներուն, անոր Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցելութեան ստեղծած դրական արձագանգներուն: Ան շեշտեց, որ Փարիզ կ՛ողջունէ սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ Լիբանանի ցուցաբերած ընդունելութիւնն ու հիւրընկալումը` աւելցնելով, որ Լիբանան շատ հանդուրժեց` օժանդակելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն: Ան հաստատեց նաեւ, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը անհրաժեշտ է` Սուրիոյ մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատումէն ետք:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն պարզած իրավիճակը եւ այդ շրջանին մէջ բռնկած պատերազմներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր, որ ներկայացուց հիւսիսային Մեթնի կարիքները եւ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունի, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց տեղական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կառչած Կը Մնանք Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացման»

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ Ներդրումային Ծրագիրներու Քննարկում` Վարչապետարանին Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.