Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Օրէնքի Գործադրութեան Եղանակի Քննարկման Յատուկ Նիստ

January 10, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընտրական օրէնքի գործադրութեան եղանակը քննարկելու յատուկ նիստի մը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլան, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, խորհրդարանական հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսօ, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապի Ասի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, Այման Շքէյր եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլէյֆել:

Նիստէն ետք Մաշնուք մեկնեցաւ «Առանց մեկնաբանութեան» արտայայտութեամբ:

Ապի Ասի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը համաձայն է «մեկա սենթըր»-ներ գոյացնելու գաղափարին, որպէսզի քաղաքացիները իրենց բնակած վայրերուն մէջ կարենան քուէարկել:

Քանսօ իր կարգին յայտնեց, որ «մեկա սենթըր»-ի գաղափարին շուրջ համաձայնութիւն կարելի չէ եղած գոյացնել, որովհետեւ ոմանք կը պահանջեն անոր գոյութիւնը, իսկ ուրիշներ կը մերժեն:

Պասիլ նշեց, որ իրենք բարեկարգումները չեն գուժեր` աւելցնելով, որ այդ բարեկարգումներուն գործադրութեան համար ոգի ի բռին պիտի պայքարին:

Պասիլ աւելցուց, որ իրենք «մեկա սենթըր» հիմնելու կարողութիւն ունին:

Ֆընէյշ իր կարգին յայտնեց, որ անկարելի է մինչեւ 6 մայիս «մեկա սենթըր»-ի կառուցումը, հետեւաբար պէտք է ընտրական օրէնքը բարեփոխել:

Ալի Հասան Խալիլ նշեց, որ իրենց համար երեսփոխանական ընտրութիւնները 6 մայիսին կատարելը առաջնահերթութիւն է: Ան աւելցուց, որ նիստին յստակ դարձած է, թէ «մեկա սենթըր»-ներու դրութիւնը կարելի պիտի չըլլայ գործադրել:

Հարիրի. «Չինաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Բացառիկ Են»

Միւս կողմէ, Հարիրի վարչապետարանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ յատուկ ձեռնարկի մը, որ նուիրուած էր Չինաստանի պետութեան կողմէ Լիբանանի պետական երաժշտանոցի սարքաւորման:

Ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի, վարչապետ Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանին` հաստատելով, որ Չինաստանի հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները բացառիկ են եւ պէտք է աւելի եւս ամրապնդուին:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Սալամէի Հետ Քննարկեց Երկրին Դրամական Եւ Տնտեսական Իրավիճակը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի «Սեւ Ցանկ»-ին Վրայ Տեղ Գտած Անձերուն Թիւը Կը Հասնի 600-ի

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.