Ֆրանչիսկոս պապը երէկ կոչ ուղղեց, որ Սուրիոյ դրացի երկիրները, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածները վերադառնան Սուրիա:
Ֆրանչիսկոս պապը ընդգծեց Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումի նախաձեռնութիւններու դիմելու կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ Յորդանանի, Թուրքիոյ եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածները պէտք է մտածեն տունդարձի մասին: