Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Սպայից վարժարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի պետին, ինչպէս նաեւ անոր սպաներուն հետ: Ապա բանակի հրամանատարը հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի առաջին տարուան սպայ-ուսանողներուն հետ:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ սպաներուն յատուկ կրթական տարեշրջանը սկսելու համար իրենք բաւական դժուար քննութիւններ կատարած են` աւելցնելով, որ ուսանողները իրենց արդիւնքներուն շնորհիւ ներկայացած են Սպայից վարժարան:
«Քաղաքական կամ ոչ քաղաքական որեւէ կողմ ձեր արձանագրելիք յաջողութեան վրայ ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ: Ինչպէս որ ձեր ատակ ըլլալը Սպայից վարժարան ընդունուելու չափանիշն էր, նոյնպէս ալ ատակութիւնը պիտի ըլլայ Սպայից վարժարանէն շրջանաւարտ դառնալու միակ զէնքը», ըսաւ զօր. Աուն:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ անոնք բանակին շարքերուն կամաւոր կերպով միացած են` աւելցնելով, որ բանակային դառնալը խիստ եւ վտանգներով լեցուն կեանք մը ունենալ կը նշանակէ: «Հետեւաբար պէտք է քաջ ըլլաք եւ զոհաբերութեան ոգիին գիտակից: Ձեր միակ պատկանելիութիւնը պիտի ըլլայ հայրենիքը, որովհետեւ դուք ձեր գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ բանակի առաքեալներն էք, ինչպէս նաեւ հայրենիքին փայլուն ապագան», եզրափակեց զօր. Աուն: