Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ մեկնեցաւ Թեհրան` մասնակցելու համար Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 13-րդ խորհրդաժողովին, որ պիտի սկսի այսօր` երեքշաբթի, 16 յունուար 2018-ին եւ աւարտի վաղը` 17 յունուարին:
Նիստին ընթացքին Պըրրի պիտի արտասանէ խօսք մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ շրջանային իրադարձութիւններուն:
Պըրրիի կ՛ընկերակցին երեսփոխաններ Քասեմ Հաշեմ եւ Նաուար Սահիլի, ինչպէս նաեւ վարչական եւ տեղեկատուական պատուիրակութիւն մը:
Միւս կողմէ, Թեհրանի մէջ Պըրրին դիմաւորեց Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ սէյիտ Ասատալլա Ապպասին:
Խորհրդարանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիին` խորհրդաժողովին մասնակցելու հրաւէրին համար: Ան մաղթեց, որ խորհրդաժողովը ըլլայ արդիւնաւէտ` թշնամիներուն դէմ համախոհական որոշում մը տալու իմաստով, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Երուսաղէմին:
Լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն մասին իր ներկայացուցած առաջարկը բոլորին եւ Լիբանանի համար շինիչ է: «Կը մաղթեմ, որ այդ առաջարկը ընդունուի, իսկ մերժուելու պարագային, դժուարութիւն կը նշմարեմ», աւելցուց ան:
Պըրրի կարեւոր նկատեց, որ իսլամական խորհրդարանները կարենան իրենց խօսքը ըսել Երուսաղէմի մասին, որովհետեւ անիկա եւ պաղեստինեան հարցը առաւելագոյն վտանգը կ՛ապրին:
Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար գործադրուելիք ընտրական օրէնքը փոխելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի ըսաւ. «Լիբանանեան տագնապը մէկդի դնենք. հիմա ես շատ աւելի կարեւոր բանի մասին կը խօսիմ»: