Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 19 յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, Քնայթրայի նահատակներուն տարելիցին առիթով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Եաագուպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ արաբ իսլամներն ու քրիստոնեաները պէտք է համախմբուին` դիմադրելու համար իսրայէլեան ու հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Փերնիլ Քարտելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպում մը մօտալուտ է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը սուրիացի Ֆատլալլա Ապտել Նասեր Սըտտիքը փոխանցեց դատական իշխանութիւններուն` նկատի ունենալով, որ ան Ժապհաթ Նուսրայի անդամ է:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժերը Պաալպեքի մէջ ձերբակալեցին սուրիացի մը, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողքին կռուած է լիբանանեան բանակին դէմ:

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան համադաշնակցութիւնները 1 փետրուարը ընդհանուր գործադուլի օր յայտարարեցին եւ կոչ ուղղեցին նստացոյցի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի վերադարձած է Հըզպալլայի բանտը` աւելցնելով, որ Հարիրի իր ընտրանքը հիմնական փոփոխութեան ենթարկած է: «Ոչ ոք կրնայ միւսը ջնջել», եզրափակեց Ռիֆի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանանի ներկայ վարչակազմի իշխանութեան ընթացքին ոչ ոքի իրաւունքը պիտի կորսուի, եւ սահմանադրութեամբ ճշդուած բոլոր հոլովոյթները պիտի գործադրուին:

ԻՍԼԱՄ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդը գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի: Խորհուրդը կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, ինչպէս նաեւ վաւերացնելու իսլամական բանտարկեալներուն ընդհանուր ներում շնորհելու որոշումը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աուար հաստատեց, որ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարի լուծման շրջագիծին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութեան նկատմամբ դրական մթնոլորտ կայ: Ան նշեց նաեւ, որ ընտրական դաշինքներուն պատկերը կարելի է մէկ ամիսէն յստակացնել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ հաստատեց, որ ընտրական օրէնքին պարագային բարեփոխումի որեւէ առաջարկ կամ նախաձեռնութիւն իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ երկուքին միջեւ բանավէճի չվերադառնալու եւ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմի` իր սկզբունքներուն եւ համոզումներուն կառչած մնալու առումով:

ՔԱԹԱՐԵԱՆ «Ռայա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի ապտակած է Սէուտական Արաբիան եւ փրկուած անոր բանեցուցած ճնշումներէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա մօտիկ ապագային իր մօտ պիտի հրաւիրէ վարչապետ Սաատ Հարիրին եւ Մարտ 14-ի ուժերը` նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները զանոնք համախմբելու նպատակով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Պահիա Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, թէ ան կը զօրակցի պաղեստինեան գաղթակայաններու բնակիչներուն կենցաղը դիւրացնելու ջանքերուն:

 

 

Նախորդը

«Ամերիկեան Հովանաւորութեամբ Զինեալ Շարժումներուն Անդամակցող Իւրաքանչիւր Սուրիացի Ժողովուրդին Ու Հայրենիքին Դաւաճան Է» Կ՛ըսէ Դամասկոս

Յաջորդը

Շամել Ռուքոզ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Թեկնածու Եմ Եւ Կը Մերժեմ Նշանակուիլ»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.