Սեփական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքան երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ չորեքշաբթի, 24 յունուարը դասադուլի օր է, իսկ երեքշաբթի, 30 յունուարին նստացոյց մը պիտի կատարուի կրթութեան նախարարութեան դիմաց:
Սենտիքան կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն դասադուլ մը կատարելու նաեւ 5, 6 եւ 7 փետրուարին` հասնելով բաց դասադուլի:
Սեփական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ շեշտեց, որ սենտիքան կը մերժէ թիւ 46 օրէնքի բարեփոխումը` աւելցնելով, որ նման որեւէ քայլ ուսուցիչին արժանապատուութիւնը խոցելու փորձ կը նկատուի:
Ապպուտ գնահատեց կրթութեան նախարար Մարուան Համատէի ջանքերը, նոյնիսկ եթէ անոնք տակաւին շօշափելի արդիւնքներու չեն հասած:
«Բաց դասադուլը բոլորին համար վատ պիտի ըլլայ», ըսաւ Ապպուտ, եւ իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիին յայտնեց, որ ընդունելի չէ, որ նախարարաց խորհուրդը կրթական թղթածրարը քննարկէ` առանց ուսուցիչներուն տեսակէտները իմանալու:



