Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Հովանաւորեց Լիբանանի Մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանատան Հիմնարկէքը

Յունուար 16, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ռամլեթ Պայտայի մէջ հովանաւորեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան հիմնարկէքը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Սամիսիի:

Սամիսի յայտնեց, որ այս հիմնարկէքը կը նշանակէ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ նոր եւ աւելի հզօր յարաբերութիւններ հիմնել` Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութեամբ:

Ան հաստատեց, որ իրենց համար անհրաժեշտ է Լիբանանի կառավարութեան կայունութիւնը եւ լիբանանցիին ծառայելու անոր կարողութեան պահպանումը:

«Լիբանանի նկատմամբ մեր կեցուածքը յստակ է: Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ այլ պետութիւններ կը գործեն ի խնդիր Լիբանանի կայունութեան», հաստատեց Սամիսի` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները մեծ հոսքով պիտի վերադառնան Լիբանան:

Իր կարգին, Հարիրի շեշտեց, որ Էմիրութիւններու դեսպանատան հիմնարկէքը ցուցանիշ է, որ Ծոցի երկիրներուն համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած մնայուն զօրակցութիւնը կարեւոր են:

«Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք դեսպան Սամիսիին», ըսաւ Հարիրի` աւելցնելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները միշտ նեցուկ կը կանգնին Լիբանանին ու անոր քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան:

Հարիրի նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իմաստուն ղեկավարութիւն ունին` ընդգծելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն գոյացուցած է երկիրը շրջանային տագնապներէն զանց կացուցելու քաղաքականութեան շուրջ` նկատի ունենալով, որ այդ քաղաքականութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն շահերուն կը ծառայէ: «Մենք պէտք է հեռու մնանք արաբական տագնապներէն, որովհետեւ արաբական համակարգին մաս կը կազմենք եւ արաբական երկիրներուն հետ մեր յարաբերութիւնները պէտք է պահպանենք», եզրափակեց վարչապետը:

Առեւտուրի Եւ Ճարտարարուեստի Պալատին Մէջ

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի Առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի պալատին մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ընկերային-տնտեսական խորհուրդի նախկին նախագահ Ռոժէ Նըսնասի պարգեւատրման առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին:

Վարչապետ Հարիրի բարձր գնահատեց Նըսնասի դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը գտնուին Լիբանանը բարգաւաճեցնելու հսկայ աշխատանքի դիմաց, որուն պիտի ընկերակցի Ընկերային- տնտեսական խորհուրդը:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ երկրին տնտեսական կայունութեան, բարգաւաճման եւ աշխատանքի առիթներ ստեղծելու նպատակով ընթացագիծ մը մշակած են` աւելցնելով, որ այդ ջանքերուն վրայ պիտի գումարուին նաեւ «Հռոմ 2» եւ «Փարիզ»-ի խորհրդաժողովները:

Հարիրի հաստատեց, որ ներկայիս Լիբանանի համար քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է: Ան նշեց, որ Փարիզի խորհրդաժողովին համար իրենց ծրագիրը 16 միլիառ տոլար կ՛արժէ, որպէսզի կարելի ըլլայ փոխադրութեան, ջուրի եւ ելեկտրականութեան, հաղորդակցութեան միջոցներու, կրթական, մշակութային եւ առողջապահական մարզերուն, ինչպէս նաեւ կոյուղիներու վերաբերող 250 ծրագիր ապահովել:

Հարիրի ընդգծեց, որ 2017-ին լիբանանցիներուն վրայ պարտադրուած տուրքերը խիստ էին` աւելցնելով, որ 2018-ի պետական ամավարկը քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքեր պիտի չպարտադրէ:

 

Նախորդը

«Ընտրական Օրէնքը Ձեւաւորուած Է Այնպիսի Ձեւով, Որ Հըզպալլայի Երեսփոխաններուն Մեծամասնութիւն Ապահովէ» Շեշտեց Ժեմայէլ

Յաջորդը

Պասիլ Ստացաւ Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Արտակարգ Նիստին Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?