Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սայտայի Մէջ Ականուած Ինքնաշարժի Պայթում. Համասի Պատասխանատուներէն Մահմուտ Համտան Մահափորձի Կ՛ենթարկուի

Յունուար 15, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրին պայթում մը ցնցեց Սայտայի շրջանը: Պայթումը պատահած էր ականուած ինքնաշարժի մը միջոցով, Պուսթան թաղամասին մէջ, «Իման» դպրոցին կից:

Պայթումին առաջին վայրկեաններէն արդէն իսկ յստակ դարձած էր, որ անիկա թիրախ կը դարձնէր Համասի պատասխանատուներէն Մոհամետ Համտանը (Ծանօթ` Ապու Համզա Համտան ծածկանունով), որ միայն վիրաւորուեցաւ:

Բանակի հրամանատարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Սայտայի պայթումին համար օգտագործուած է 500 կրամ պայթուցիկ նիւթ կշռող ական մը, որ զետեղուած է Համտանի «Պի. Էմ. Տապըլեու» տիպի սպիտակ ինքնաշարժին տակ:

Պայթումին վայրը հասան բանակն ու ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ քրէական փաստահաւաքներու ջոկատը, որոնք շրջափակեցին պայթումին վայրը եւ անցան իրենց աշխատանքին:

Ապահովութեան ուժերը պայթումին վերաբերեալ հետաքննութիւն բացին:

Լիբանանի մէջ Համասի ներկայացուցիչ Ալի Պարաքէ հաստատեց, որ Մոհամետ Համտան Համասի պատասխանատուներէն է` աւելցնելով, որ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ թշնամի Իսրայէլ կը կանգնի այդ մահափորձին ետին:

Պարաքէ նշեց, որ Սայտայի մէջ պայթում կատարելով Իսրայէլ կը փափաքի իր ճակատումը ներքին պաղեստինեան շրջանակէն դուրս բերել:

Լիբանանի մէջ Համաս շարժումի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ պայթումը թիրախ դարձուցած է Համասի պատասխանատուներէն Մահմուտ Համտանը, որուն ոտքը վնասուած է, իսկ ինքնաշարժը` ջախջախուած:

Համասի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պայթումը ցոյց կու տայ իսրայէլեան ոճրային գործելաոճի նշոյլները` աւելցնելով, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները պայթումին վերաբերեալ հետաքննութիւն բացած են:

Մուսթաքպալ հոսանքի հարաւային Լիբանանի պատասխանատու Նասեր Համմուտ շեշտեց, որ Սայտայի պայթումը իսրայէլեան մատնահետքեր կը կրէ` հաստատելով, որ իրենք կը վստահին Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն, որոնք կը հսկեն երկրին ապահովական կայունութեան, յանցագործներու ձերբակալութեան եւ անոնց դէմ պատժական տնօրինումներու որդեգրումին:

Երեսփոխան Պահիա Հարիրի դատապարտեց Սայտան ցնցած պայթումը` հաստատելով, որ ապահովական կառոյցներուն նկատմամբ իրենց վստահութիւնը մեծ է:

Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայէք խստիւ դատապարտեց պայթումը` յայտնելով, որ պայթումը իսրայէլեան ոճի կը պատկանի:

Հայէք զօրակցութիւն յայտնեց պաղեստինցիներուն եւ անոնց ինթիֆատային:

Շէյխ Մահեր Համմուտ յայտնեց, որ Մոհամետ Համտան պաղեստինեան ներքին թղթածրարներու պատասխանատու անձնաւորութիւն մըն է` աւելցնելով, որ պայթումին պահուն իսրայէլեան օդուժը Սայտայի վերեւ թռիչքներ կը գործէր:

Ան Իսրայէլը դատապարտեց պայթումը գործելու յանցանքով:

Հըզպալլա իր կարգին դատապարտեց Սայտայի պայթումը` նշելով, որ անիկա կը կրէ իսրայէլեան մատնահետքեր եւ յստակ է, որ կը նպատակադրէ Սայտայի մէջ սադրանքներ նախապատրաստել:

Հըզպալլա կոչ ուղղեց լիբանանեան-պաղեստինեան միասնականութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն շուրջ համախմբումին, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել ոճրային այդ արարքը գործադրողները:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կառավարութենէն Պահանջեց Արտակարգ Նիստ Մը Գումարել` Սերտելու Համար Ուսուցիչներու Աշխատավարձերուն Եւ Յաւելումներուն Թղթածրարը

Յաջորդը

Ամերիկահայութեան Թանգարանին Վերապահուած Գումարը Կը Պահպանուի Նահանգապետի Ամավարկին Մէջ

RelatedPosts

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025
Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին  Արեւելեան Սահմանները Զննեց  Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը
Լիբանանեան

Սալամ Հիւսիսային Պեքա Այցելութեան Ընթացքին Արեւելեան Սահմանները Զննեց Եւ Գնահատեց Բանակի Ջանքերը

Մայիս 9, 2025
«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը  Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ  Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ
Լիբանանեան

«Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Հաւասարութիւնը Պահպանելու Փորձեր Կան, Սակայն Մինչեւ Այս Պահս Ոչինչ Երաշխաւորուած Է» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?