Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ելեւմտական հարցերու յատուկ դատախազութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմի:
Հանդիպումէն ետք Իպրահիմ յայտնեց, որ Նոր տարուան եւ Ս. ծնունդին առիթով շնորհաւորած են վարչապետ Հարիրին եւ անոր հետ քննարկած ելեւմտական դատախազութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հարիրիի այցելեց նաեւ Միջազգային կարմիր խաչի նախագահ Քրիսթոֆ Մարթեն, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Քննարկուեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որուն շրջագիծին մէջ Միջազգային կարմիր խաչին եւ լիբանանեան իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները` տեղահանուած սուրիացիներուն ապահով տունդարձին վերաբերող:
Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Եան Ուալթմընզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-հոլանտական յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարելիութիւնները:



