Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Արսալի մէջ ներխուժեց սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայան մը, ուր ձերբակալեց 20 սուրիացիներ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեան մէջ էին:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապի Իսան, որուն հետ քննարկեց անոր ստանձնած նոր պաշտօնին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Քապալան ընդգծեց տեղացի եւ արտերկրի լիբանանցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ մեկնեցաւ Գահիրէ` ընդառաջելով Ազհարի հոգեւոր պետ շէյխ Ահմետ Թայիպի հրաւէրին: Աուտէ եպիսկոպոսը պիտի մասնակցի Ազհարի կազմակերպած Երուսաղէմի փրկութեան նուիրուած համաշխարհային խորհրդաժողովին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Շամիսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր Իրանը վտանգի մեծագոյն աղբիւրը կը նկատէ` Լիբանանի, Եմէնի եւ Սուրիոյ մէջ անոր դերակատարութեան պատճառով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ շեշտեց, որ քաղաքական կարգ մը ուժեր կը վախնան երեսփոխանական ընտրութիւններէն` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ «քողարկուած բռնակալութիւն», որ ժողովրդավարութիւն չի կրնար կոչուիլ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ Սայտայի մէջ գործուած ահաբեկչական պայթումը իսրայէլեան մատնահետքեր կը կրէ եւ անոր նպատակն է երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտել:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան ղեկավար Հաննա Նաշեֆ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Նաշեֆ հաստատեց, որ Ղովմի կուսակցութիւնը կը զօրակցի արդար եւ իրաւացի բոլոր պահանջներուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` 6 մայիսին, ինչպէս նաեւ գործադրելու ընտրական նոր օրէնքը, հակառակ անոր պարփակած սխալներուն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը նախատեսէ, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի մէջ սուր մրցակցութիւններ եւ ընտրապայքարներ արձանագրուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Եուսեֆ Խալիլ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Հանդիպումէն ետք Խալիլ շեշտեց, որ բոլորին համար ծանօթ է Ժահժահի ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը` Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Հըզպալլայի հետ ընտրական դաշինք գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ այդ դաշինքները աւելի հաւանական են եւ կարելի է յաջողցնել Ամալ շարժումին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա յատուկ պատուիրակ մը պիտի գործուղէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ, որպէսզի անոր յայտնէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը համախմբելու Ռիատի փափաքը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը խախտելու իմաստով ոչ մէկ տեղեկութիւն գոյութիւն ունի: Նոյն օրաթերթին համաձայն, շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարը լուծելու պատրաստակամութիւն գոյութիւն չունի:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Տրուած Կանաչ Լո՞յս. Միջազգային Դաշինք. «Աֆրինը Մեր Գործողութիւններու Շրջագիծին Մէջ Չէ»

Յաջորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Առիթ Մըն Են` Հաշուետուութեան Կանչելու Իշխանութիւնները» Շեշտեց Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?